Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ Այն Թինէի մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ պապական նուիրակ գերապայծառ Ժոզեֆ Սփիթերին, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները:
Հանդիպումէն ետք Սփիթերի շեշտեց, որ Պըրրիին յայտնած է Լիբանանի հանդէպ Ֆրանչիսկոս պապին զօրակցութիւնը` աւելցնելով, որ խորհրդարանի նախագահին հետ քննարկած է երկրին մէջ տիրող հարցերը:
Սփիթերի շեշտեց, որ Լիբանանի դէմ ծառացող մարտահրաւէրներուն դիմակայումն ու հարցերուն լուծումը կարիք ունին յաւելեալ ազգային միասնականութեան:
«Կը հաստատենք, որ այս դժուար փուլին նեցուկ կը կանգնինք Լիբանանին եւ վստահ ենք, որ լիբանանցիները գոյատեւումի իրենց կամքով յարմար լուծումներու պիտի յանգին», ըսաւ Սփիթերի:
Քաղուած «Ազդակ» էն