Գերապյածռա Ժոզեֆ Սփիթերին  Լիբանանի Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրին հետ Գերապյածռա Ժոզեֆ Սփիթերին Լիբանանի Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրին հետ 

Լիբանան. «Մարտահրաւէրներու դիմակայումն ու հարցերուն լուծումը կարիք ունին յաւելեալ ազգային միասնականութեան» շեշտեց Գերապայծառ Սփիթերի

Լիբանանի մէջ պապական նուիրակ գերապայծառ Ժոզեֆ Սփիթերին հանդիպեցաւ Լիբանանի Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրին

Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ Այն Թինէի մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ պապական նուիրակ գերապայծառ Ժոզեֆ Սփիթերին, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները:

Հանդիպումէն ետք Սփիթերի շեշտեց, որ Պըրրիին յայտնած է Լիբանանի հանդէպ Ֆրանչիսկոս պապին զօրակցութիւնը` աւելցնելով, որ խորհրդարանի նախագահին հետ քննարկած է երկրին մէջ տիրող հարցերը:

Սփիթերի շեշտեց, որ Լիբանանի դէմ ծառացող մարտահրաւէրներուն դիմակայումն ու հարցերուն լուծումը կարիք ունին յաւելեալ ազգային միասնականութեան:

«Կը հաստատենք, որ այս դժուար փուլին նեցուկ կը կանգնինք Լիբանանին եւ վստահ ենք, որ լիբանանցիները գոյատեւումի իրենց կամքով յարմար լուծումներու պիտի յանգին», ըսաւ Սփիթերի:

Քաղուած «Ազդակ» էն

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

18/06/2020, 08:31