ԵՈՒՆԻՍԵՖ մտահոգութիւն յայտնեց «Քորոնա» ժահրին Միջին Արեւելքի եւ Հիւսիսային Ափրիկէի շրջաններուն մէջ երեխաներուն վրայ ունենալիք ազդեցութենէն` նախատեսելով, որ նշեալ շրջաններուն մէջ աղքատներուն թիւը պիտի աւելնայ 8 միլիոնով, որոնց կէսը պիտի ըլլան մանուկներ:
«Շրջանին մէջ երեխաներուն կէսը կը տառապի տարբեր մակարդակի աղքատութենէ, ինչպէս նաեւ կրթութենէ, տունէ եւ սնունդի զրկուածութենէ», նշեց ԵՈՒՆԻՍԵՖ:
Քաղուած Ազդակէն։