Մեքսիքոյի մէջ աղքատներ։ Մեքսիքոյի մէջ աղքատներ։ 

Եունիսեֆ. «կը նախատեսուի, որ Միջին Արեւելքի Եւ Ափրիկէի մէջ աղքատներուն թիւը 8 միլիոնով աւելնայ»։

Աղքատներուն թիւը պիտի աւելնայ 8 միլիոնով, որոնց կէսը պիտի ըլլան մանուկներ:

ԵՈՒՆԻՍԵՖ մտահոգութիւն յայտնեց «Քորոնա» ժահրին Միջին Արեւելքի եւ Հիւսիսային Ափրիկէի շրջաններուն մէջ երեխաներուն վրայ ունենալիք ազդեցութենէն` նախատեսելով, որ նշեալ շրջաններուն մէջ աղքատներուն թիւը պիտի աւելնայ 8 միլիոնով, որոնց կէսը պիտի ըլլան մանուկներ:

Ունկնդրէ լուրը

«Շրջանին մէջ երեխաներուն կէսը կը տառապի տարբեր մակարդակի աղքատութենէ, ինչպէս նաեւ կրթութենէ, տունէ եւ սնունդի զրկուածութենէ», նշեց ԵՈՒՆԻՍԵՖ:

Քաղուած Ազդակէն։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

21/04/2020, 08:30