ՄԱԿ-ի մանուկներու պաշտպանութեան գրասենեակը. «Աշխարհը կը ձախողի մանուկներու առողջ կեանք եւ պատշաճ կլիմայ ապահուելու մէջ» :
Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան
Մանուկներու եւ անչափահասներու առողջապահութեան հայող աւելի քան 40 մասնագէտներէ բաղկացած յանձնախումբի մը ներկայացուցաց զեկոյցին համաձայն, աշխարհի մէջ ոչ մէկ երկիր պատշաճօրէն կը պաշտպանեն մանուկներուն առողջապահութիւնն ու անոնց ապրած միջավայրերը:
Զեկոյցին համաձայն իւրաքանչիւր մանուկի եւ անչափահասի մը առողջապահութիւնը վտանգուած է բնապահպանութեան անկումի , կլիմայի փոփոխութիւններու ինչպէս նաեւ ոչ առողջ եւ արագ սնունդի գովազդներու հետեւանքով :
Հակառակ, որ մանուկներու եւ անչափահասներու առողջապահութիւնը վերջին քսան տարիներու բարելաւուած են, սակայն այժմ առողջապահութեան ոլորտէն ներս յառաջդիմութիւնները դադարի մէջ են, այս մասին յայտնածէ Նիւ Զելանտայի վարչապետը, որ մաս կը կազմէ վերոնշեալ յանձնախումբին:
Աշխարհի կարգ մը երկիրներուն մէջ, հինգ տարեկանէն տակ շուրջ 250 միլիոն մանուկներ վտանգուած են թերասնունդի եւ աղքատութեան պատճառաւ : Ինչ որ շատ աւելի մտահոգիչ երեւոյթ է նշուած է զեկոյցի մէջ, այն է, որ աշխարհի մէջ իւրաքանչիւր մանուկի աճումը վտանգուած է կլիմայի փոփոխութեան պատճառաւ :
Վերջապէս զեկոյցին մէջ նշուած է, որ երկիրները պէտք են վերատեսել մանուկներու եւ անչափահասներու առողջապահութիւնը , երաշխաւորելու համար ոչ միայն մանուկներու խնամքը այլեւ թիկունք կանգնելու աշխարհին որուն ժառանգորդներն են մանուկները:
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ