Գաղթական մանուկներ Գաղթական մանուկներ 

ՄԱԿ-ի մանուկներու պաշտպանութեան գրասենեակը. «Աշխարհը կը ձախողի մանուկներու առողջ կեանք եւ պատշաճ կլիմայ ապահուելու մէջ» :

Զեկոյցին համաձայնը իւրաքանչիւր մանուկի եւ անչափահասի մը առողջապահութիւնը վտանգուած է բնապահպանութեան անկումի , կլիմայի փոփոխութիւններու հետեւանքով:

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Մանուկներու եւ անչափահասներու առողջապահութեան հայող աւելի քան 40 մասնագէտներէ բաղկացած յանձնախումբի մը ներկայացուցաց զեկոյցին համաձայն, աշխարհի մէջ ոչ մէկ երկիր պատշաճօրէն կը պաշտպանեն մանուկներուն առողջապահութիւնն ու անոնց ապրած միջավայրերը:

Ունկնդրէ լուրը

Զեկոյցին համաձայն իւրաքանչիւր մանուկի եւ անչափահասի մը առողջապահութիւնը վտանգուած է բնապահպանութեան անկումի , կլիմայի փոփոխութիւններու ինչպէս նաեւ ոչ առողջ եւ արագ սնունդի գովազդներու հետեւանքով :

Հակառակ, որ մանուկներու եւ անչափահասներու առողջապահութիւնը վերջին քսան տարիներու բարելաւուած են, սակայն այժմ առողջապահութեան ոլորտէն ներս յառաջդիմութիւնները դադարի մէջ են,  այս մասին յայտնածէ Նիւ Զելանտայի վարչապետը,  որ մաս կը կազմէ վերոնշեալ յանձնախումբին:

Աշխարհի կարգ մը երկիրներուն մէջ, հինգ տարեկանէն տակ շուրջ 250 միլիոն մանուկներ վտանգուած են թերասնունդի եւ աղքատութեան  պատճառաւ : Ինչ որ շատ աւելի մտահոգիչ  երեւոյթ է նշուած է զեկոյցի մէջ, այն է,  որ աշխարհի մէջ իւրաքանչիւր մանուկի աճումը վտանգուած է կլիմայի փոփոխութեան պատճառաւ :

Վերջապէս զեկոյցին մէջ նշուած է, որ երկիրները պէտք են վերատեսել մանուկներու եւ անչափահասներու առողջապահութիւնը , երաշխաւորելու համար ոչ միայն մանուկներու խնամքը  այլեւ թիկունք կանգնելու  աշխարհին որուն ժառանգորդներն են մանուկները:

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

19/02/2020, 10:29