Որոնել

Ֆրանչիսկոս Պապ եւ Փրկութեան բանակի զօրաւար Պրայան Փետլ Ֆրանչիսկոս Պապ եւ Փրկութեան բանակի զօրաւար Պրայան Փետլ 

Եկեղեցիներու միութեան շաբաթ. գաղթականներուն համար նոր կեդրոն մը Հռոմի մէջ:

«Փրկութեան բանակ»ը Հռոմի մէջ կը բանայ գաղթականները հիւրընկալելու համար նոր կեդրոն մը:

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

2020 թուականի, գաղթականներու հիւրընկալութեան նուիրուած  քրիստոնեաներու միութեան աղօթքի շաբաթ ծիրէն ներս, աւետարանական եկեղեցիներուն դաշնութեան մաս կազմող «Փրկութեան բանակ» կազմակերպութիւնը, Հռոմի մէջ բացումը կը կատարէ գաղթականներու նոր կեդրոնի մը:

Ունկնդրէ լուրը

Հռոմ մայրաքաղաքի կեդրոնական շրջանը գտնուող գաղթականներուն կեդրոնի բացումը տեղի կ՝ունենայ հինգշաբթի, 23 յունուարին:

Յայտնենք թէ «Փրկութեան բանակ» կազմակերպութիւնը, բողոքական եկեղեցւոյ կապուած բարոյական կազմակերպութիւն մըն է, որ Իտալիոյ մէջ աւելի քան 130 տարիներէ ի վեր կը գործէ :

«Փրկութեան բանակ»ի եւ Աւետարանական եկեղեցիներուն դաշնութեան կողմէ ֆինանսաւորուած գաղթականներու կեդրոնին մէջ պիտի հիւրընկալուին, որեւէ դաւանանքի պատկան անօճախ գաղթականներ, անկախ անոնց համայնքային, ցեղային ու կրօնական պատկանելիութենէն:

Կեդրոնի բացումը տեղի կ՝ունենայ քրիստոնեաներուն միութեան աղօթքի շաբաթուայ ծիրէն ներս, ի վկայութիւն կարիքաւոր անձերուն օգնութեան փութալու ուժերու միացմանկարեւորութեան: Այսպէս արտայայտուած է Իտալիոյ մէջ Փրկութեան բանակ-ի գնդապետ Տիար Մասիմօ Թուրսին: 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

23/01/2020, 12:23