Եկեղեցիներու միութեան շաբաթ. գաղթականներուն համար նոր կեդրոն մը Հռոմի մէջ:
Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան
2020 թուականի, գաղթականներու հիւրընկալութեան նուիրուած քրիստոնեաներու միութեան աղօթքի շաբաթ ծիրէն ներս, աւետարանական եկեղեցիներուն դաշնութեան մաս կազմող «Փրկութեան բանակ» կազմակերպութիւնը, Հռոմի մէջ բացումը կը կատարէ գաղթականներու նոր կեդրոնի մը:
Հռոմ մայրաքաղաքի կեդրոնական շրջանը գտնուող գաղթականներուն կեդրոնի բացումը տեղի կ՝ունենայ հինգշաբթի, 23 յունուարին:
Յայտնենք թէ «Փրկութեան բանակ» կազմակերպութիւնը, բողոքական եկեղեցւոյ կապուած բարոյական կազմակերպութիւն մըն է, որ Իտալիոյ մէջ աւելի քան 130 տարիներէ ի վեր կը գործէ :
«Փրկութեան բանակ»ի եւ Աւետարանական եկեղեցիներուն դաշնութեան կողմէ ֆինանսաւորուած գաղթականներու կեդրոնին մէջ պիտի հիւրընկալուին, որեւէ դաւանանքի պատկան անօճախ գաղթականներ, անկախ անոնց համայնքային, ցեղային ու կրօնական պատկանելիութենէն:
Կեդրոնի բացումը տեղի կ՝ունենայ քրիստոնեաներուն միութեան աղօթքի շաբաթուայ ծիրէն ներս, ի վկայութիւն կարիքաւոր անձերուն օգնութեան փութալու ուժերու միացմանկարեւորութեան: Այսպէս արտայայտուած է Իտալիոյ մէջ Փրկութեան բանակ-ի գնդապետ Տիար Մասիմօ Թուրսին:
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ