Ուժգին երկրաշարժ մը հարուածեց Ալպանիոյ հիւսիսային ափերը:
Առ այժմ արձանագրուած են տասնեակ մեռեալներ եւ հարիւրաւոր վիրաւորներ:
Չորեքշաբթի, 26 նոյեմբերին, առաւօտեան կանուխ ժամերուն, 6,5 աստիճան ուժգնութեամբ երկրաշարժ մը հարուածեց Ալպանիոյ հիւսիսային ափերը , որուն հետեւանքով արձանագրուած են տասնեակ մեռեալներ եւ հարիւրաւոր վիրաւորներ: Աղէտի վայր փութացած են բանակը, կամաւորները, առողջապահական գործիչները:
Երկրաշարժը զգացուած է նաեւ Իտալիոյ Փուլիա մարզէն ներս: Զօրաւոր երկրաշարժէն ետք, արձանագրուած են աւելի քան 50 յետցնցումներ:
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ
26/11/2019, 11:41