Ալպանիոյ մէջ զօրաւոր երկրաշարժ Ալպանիոյ մէջ զօրաւոր երկրաշարժ 

Ուժգին երկրաշարժ մը հարուածեց Ալպանիոյ հիւսիսային ափերը:

Առ այժմ արձանագրուած են տասնեակ մեռեալներ եւ հարիւրաւոր վիրաւորներ:

Չորեքշաբթի, 26 նոյեմբերին, առաւօտեան կանուխ ժամերուն, 6,5 աստիճան  ուժգնութեամբ երկրաշարժ մը հարուածեց Ալպանիոյ հիւսիսային ափերը , որուն հետեւանքով արձանագրուած են  տասնեակ մեռեալներ եւ հարիւրաւոր վիրաւորներ: Աղէտի վայր փութացած են բանակը, կամաւորները, առողջապահական գործիչները:

Երկրաշարժը զգացուած է նաեւ Իտալիոյ Փուլիա մարզէն ներս: Զօրաւոր երկրաշարժէն ետք, արձանագրուած են աւելի քան 50 յետցնցումներ:

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

26/11/2019, 11:41