Գաղթականներու աղէտ մը եւս: Աւելի քան 150 մեռեալ Լիպիոյ ափերուն մօտ:
Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան
Լիպիոյ մայրաքաղաք՝ Թրիփոլիէն ոչ շատ հեռու ծովուն մէջ ընկղմած են 300 փախստականներ փոխադրող երկու նաւակներ: Ծովուն մէջ ընկղմած գաղթականներուն օգնութեան հասած են միայն մի քանի ձկնորսներ:
Յիսուսեան միաբանութեան պատկան «Ասթալլի» անուան կեդրոնը միջազգային եւ ազգային հաստատութիւններէն խնդրած են, որ անմիջապէս ծրագիրներ ձեռնարկեն օգնութեան հասնելու Լիպիայէն փախուստ տուող փախստականներուն:
Երկու նաւակներու արկածի հետեւանքով զոհուած անձերէն զատ կան նաեւ աւելի քան 100 հոգի, որոնց վիճակը տակաւին անյայտ է:
Կը հաղորդուի, որ Լիպիոյ մէջ « առանց սահմանի բժիշկներ» հաստատութեան կամաւոր բժիշկները, անմիջապէս փութացած են «Խոմս» անուան նաւահանգիստ՝ օգնութեան հասնելու վիրաւորներուն :
«Այս նոր աղէտի ահռելի լուրը անգամ մը եւս ցոյց կու տայ Լիպիոյ մէջ մարդկային բարձր գինը» ինչպէս նաեւ Միջերկրական ծովուն մէջ օգնութեան հասնելու եւ մարդիկ որոնելու կարողութեան պակասը: Այսպէս ըսած է «Առանց սահմանի բժիշկներ» ընկերակցութեան անդամ մը՝ Ժուլիէն Ռէքմանը, աւելցնելով, որ կան աւելի քան 100 անձեր, որոնց վիճակը անյայտ են, որոնք կը գտնուին խեղդամահ ըլլալու եզրին:
Գաղթականներու Յիսուսեան միաբանութեան պատկան կեդրոնը կոչ ըրած է ազգային եւ միջազգային հաստատութիւններուն, վերականգնելու ծովուն մէջ անմիջական փնտռտուքի գործերը եւ օգնելու Լիպիոյ մէջ դժուարութեան մատնուող գաղթականներուն:
Մանուկներու պաշտպանութեան գրասենեակը անընդունելի նկատած է գաղթականներու աղէտներու դիմաց որդեգրած Եւրոպայի լուռ կեցուածքը, աղէտներ, որոնք տեղի կ՝ունեան Եւրոպայի սահմաններուն մօտ:
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ