Լիպիոյ ծովուն մէջ խեղդամահ եղած գաղթականներ Լիպիոյ ծովուն մէջ խեղդամահ եղած գաղթականներ  

Գաղթականներու աղէտ մը եւս: Աւելի քան 150 մեռեալ Լիպիոյ ափերուն մօտ:

«Այս նոր աղէտի ահռելի լուրը անգամ մը եւս ցոյց կու տայ Լիպիոյ մէջ մարդկային բարձր գինը» :

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Լիպիոյ մայրաքաղաք՝ Թրիփոլիէն ոչ շատ հեռու ծովուն մէջ ընկղմած են 300 փախստականներ փոխադրող երկու նաւակներ: Ծովուն մէջ ընկղմած գաղթականներուն օգնութեան հասած են միայն մի քանի ձկնորսներ:

Ունկնդրէ լուրը

Յիսուսեան միաբանութեան պատկան «Ասթալլի» անուան կեդրոնը միջազգային եւ ազգային հաստատութիւններէն խնդրած են, որ անմիջապէս  ծրագիրներ ձեռնարկեն օգնութեան հասնելու Լիպիայէն փախուստ տուող փախստականներուն:

Երկու նաւակներու արկածի հետեւանքով զոհուած անձերէն զատ կան նաեւ աւելի քան 100 հոգի, որոնց  վիճակը տակաւին անյայտ  է:

Կը հաղորդուի, որ Լիպիոյ մէջ « առանց սահմանի բժիշկներ» հաստատութեան կամաւոր բժիշկները,  անմիջապէս փութացած են «Խոմս» անուան նաւահանգիստ՝  օգնութեան հասնելու վիրաւորներուն :

«Այս նոր աղէտի ահռելի լուրը անգամ մը եւս ցոյց կու տայ Լիպիոյ մէջ մարդկային բարձր գինը» ինչպէս նաեւ Միջերկրական ծովուն մէջ օգնութեան հասնելու եւ մարդիկ որոնելու կարողութեան պակասը: Այսպէս ըսած է «Առանց սահմանի բժիշկներ» ընկերակցութեան անդամ մը՝ Ժուլիէն Ռէքմանը,  աւելցնելով, որ կան աւելի քան 100 անձեր, որոնց վիճակը անյայտ են, որոնք կը գտնուին խեղդամահ ըլլալու եզրին:  

Գաղթականներու Յիսուսեան միաբանութեան պատկան կեդրոնը կոչ ըրած է ազգային եւ միջազգային հաստատութիւններուն, վերականգնելու ծովուն մէջ անմիջական փնտռտուքի  գործերը եւ օգնելու Լիպիոյ մէջ դժուարութեան մատնուող գաղթականներուն:

Մանուկներու պաշտպանութեան գրասենեակը անընդունելի նկատած է գաղթականներու աղէտներու դիմաց որդեգրած Եւրոպայի լուռ կեցուածքը, աղէտներ, որոնք  տեղի կ՝ունեան Եւրոպայի սահմաններուն մօտ:  

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

26/07/2019, 11:56