Որոնել

Israeli forces expand ground operations in the Gaza Strip

Միջին Արեւելք. Գերապայծառ Կալլակէրի հեռաձայնը Իրանի արտգործ Նախարարին` չ՛ընդլայնել հակամարտութիւնը

«Հոսէյն Ամիր Ապտուլլահեանը խնդրած է հեռախօսազրոյց ունենալ Սուրբ Աթոռի Պետութիւններու ու Միջազգային Կազմակերպութիւններու հետ յարաբերութիւններու քարտուղար Գերապ. Փոլ Ռիչըրտ Կալլակէրի հետ». Լուրը կը հաղորդէ Սուրբ Աթոռի Մամլոյ գրասենեակի տնօրէնը։
Ունկնդրէ լուրը

Վատիկան Նիուզ - Հայկական Բաժանմունք

Անհանգստութիւն Սուրբ Երկրի մէջ տիրող իրավիճակով, կոչ` չընդլայնելու հակամարտութիւնը, հասնիլ «երկու պետութիւններ» լուծումին` Մերձաւոր Արևելքի մէջ խաղաղութեան համար։

Ասոնք եղան Սուրբ Աթոռի Պետութիւններու ու Միջազգային Կազմակերպութիւններու հետ յարաբերութիւններու քարտուղար` Գերապայծառ Փոլ Ռիչըրտ Կալլակէրի եւ Իրանի Իսլամանան Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարար` Հոսէյն Ամիր Ապտուլլահեանի միջեւ տեղի ունեցած հեռախօսազրոյցի ընթացքին շօշափուած նիւթերը։ Լուրը կը հաղորդէ Սուրբ Աթոռի մամլոյ գրասենեակի տնօրէն Տիար Մաթթէօ Պրունին բացատրելով, որ զրոյցի խնդրանքը ներկայացուցած էր Իրանի Նախարարը։

Զրոյցի ընթացքին «Գերապայծառ Կալլակէրը յայտնած է Սուրբ Աթոռի լուրջ մտահոգութիւնը Իսրայէլի և Պաղեստինի մէջ տեղի ունեցող իրադարձութիւններու կապակցութեամբ՝ կրկնելով հակամարտութեան ընդլայնումէն խուսափելու հարկաւորութիւնը և կայունութեան համար «երկու պետութիւններ» լուծումին հասնելու բացարձակ անհրաժեշտութիւնը` Մերձաւոր Արևելքի մէջ կայուն ու մնայուն խաղաղութեան մը համար», նշած է միշտ Տիար Պրունին։

 

 

 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

30/10/2023, 10:25