Որոնել

PALESTINIAN-ISRAEL-CONFLICT

Դադրեցուցէք կրակոցը պատերազմը միշտ ալ պարտութիւն է. Ֆրանչիսկոս Պապ

«Չյանձնուինք։ Շարունակենք աղօթել Ուքրանիոյ համար, նաեւ Պաղեստինի եւ Իսրայէլի մէջ ծանր իրավիճակին համար, ու պատերազմի մէջ միւս տարածաշրջաններուն համար։ Կազայի մէջ յատկապէս` թող հնարաւորութիւն ընծայուի մարդասիրական օգնութիւնները երաշխաւորելու եւ թող ազատ արձակուին պատանդները»։
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Կիրակի 29 հոկտեմբեր 2023ի կէսօրին իր գրասենեակի պատուհանէն արտասանած Հրեշտակ Տեառն Մարեմեան աղօթքի աւարտին Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը խօսքը ուղղելով Սուրբ Պետրոս հրապարակին վրայ համախմբուած հազցարաւոր ուխտաւորներուն եւ ուղիղ եթերով աղօթքին հետեւող հաւատացեալներուն, նախ շնորհակալութիւն յայտնեց բոլոր անոնց` որոնք - աշխարհի տարբեր վայրերուն մէջ ու տարբեր ձեւերով - անցեալ ուրբաթ օր միացան` ծոմապահութեան, աղօթքի ու ապաշխարութեան օրուան, հայցելով աշխարհի համար խաղաղութիւն։

«Չյանձնուինք։ Շարունակենք աղօթել Ուքրանիոյ համար, նաեւ Պաղեստինի եւ Իսրայէլի մէջ ծանր իրավիճակին համար, ու պատերազմի մէջ միւս տարածաշրջաններուն համար։ Կազայի մէջ յատկապէս` թող հնարաւորութիւն ընծայուի մարդասիրական օգնութիւնները երաշխաւորելու եւ թող ազատ արձակուին պատանդները։

«Թող ոչ մէկը հրաժարի զէնքերը կանգնեցնելու հնարաւորութենէն. Թող դադրի կրակոցը։ Հայր Իպրահիմ Ֆալթասը, որ քիչ առաջ ունկնդրեցի «A Sua immagine» հեռուստատեսի ծրագիրի ընթացքին` կ՜ըսէր «Զինադադար, զինադադար»։ Ան Սուրբ Երկրի Պահակի տեղապահն է։ Մենք ալ հայր Իպրահիմին հետ կրկնենք` հրադադար» յարեց Քահանայապետը ապա կոչ ուղղեց կանգ առնելու։

«Կանգ առէք եղբայրներ եւ քոյրեր։ Պատերազմը միշտ ալ պարտութիւն է` միշտ միշտ» կրկնեց Ֆրանչիսկոս Պապը։

Ան ապա մօտիկութիւն արտայայտեց Մեքսիքոյի Աքափուլքոյի շրջանի բնակչութեան, որ թիրախ եղաւ ուժեղ փոթորիկի մը։

«Կ՛աղօթեմ զոհերուն, անոնց ընտանիքներուն ու բոլոր անոնց համար, որոնք ծանր վնասներ կրեցին։ Կուատալուփի Տիրամայրը աջակից ըլլայ փորձանքի մէջ գտնուող իր զաւակներուն», ըսաւ Նորին Սրբութիւնը հուսկ ողջունեց հրապարակ համախմբուած տասնեակ հազարաւոր հաւատացեալ ուխտաւորներու խումբերը ապա բարի կիրակի մաղթեց բոլորին խնդրելով որ չմոռնան իրեն համար աղօթելու։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

29/10/2023, 12:16