Որոնել

2023.06.09 "Coldiretti all'evento Not alone"

Մարդկային եղբայրութեան նուիրուած հաւաքը Վատիկանի մէջ

Հանդիսութեան ընթացքին նախատեսուած է ապա բոլոր պատանիներուն միասնական ողջագուրումը, որ տեղի պիտի ունենայ Սուրբ Պետրոս հրապարակի կամարներուն ներքոյ, ի խորհրդանիշ Եկեղեցւոյ բազկատարած ողջագուրման համայն աշխարհին։
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

«Fratelli tutti» հիմնարկի նախաձեռնութեամբ եւ համագործակցութեամբ Սուրբ Պետրոս Պազիլիքայի, Մարդկային համապարփակ զարգացումի ծառայութեան Վերատեսչութեան եւ Հաղորդակցութեան Վերատեսչութեան, այսօր շաբաթ 10 Յունիսին Վատիկանի մէջ կազմակերպուած է Մարդկային Եղբայրութեան նուիրուած «Not alone» վերտառութեամբ միջազգային միօրեայ հաւաքը, որ ունի հարուստ օրակարգ մը` որ սկիզբ առաւ առաւօտեան երբ Հաւաքին մասնակցող Նոպէլեան մրցանակակիրները իրար հետ համախմբուեցան Վատիկանի «Palazzo della Cancelleria» պալատէն ներս, մասնակցութեամբ Կարդինալ Փարոլինին, որ անոնց ուղղեց բարի գալուստի խօսք մը, միասնաբար շարադրելու համար Մարդկային Եղբայրութեան նուիրուած փաստաթուղթ մը, որուն ներկայացումը նախատեսուած է կէսօրէն ետքը Սուրբ Պետրոս հրապարակին վրայ տեղի ունեցած հաւաքին ընթացքին։

«Not alone» վերտառութեամբ միջազգային միօրեայ հաւաքին կը մասնակցին նաեւ բնապահպանութեամբ եւ տնտեսութեամբ զբաղող անձնաւորութիւններ, որոնք իրենց կարգին պիտի քննարկեն լուծումներ եւ պիտի ներկայացնեն առաջարկներ հայող բնապահպանութեան ծիրէն ներս եղբայրութեան։

Դպրոցականներ, աղքատներ, գաղթականներ ի նպաստ եղբայրութեան

Մասնակցողներու շարքին են նաեւ բազմահազար դպրոցական աշակերտներ, որոնք համայն Իտալիայէն մասնակցեցան “Contest della Fraternità” ձեռնարկին ապա տնանկներ, չքաւորներն ու գաղթականները, որոնք պիտի համախմբուին քննարկելու համար իրենց ապրած դժուարութիւնները եւ պայմանները։ Անոնց կը միանան նաեւ բարեսիրական ընկերակցութիւններու պատասխանատուներ, որոնք իրենց կարգին պիտի ներկայացնեն եղբայրութեան հայող առաջարկներ։

Ինչպէս նախօրօք յայտնած էինք, Շաբաթ 10 Յունիսի յետմիջօրէի ժամը 4ին Սուրբ Պետրոս հրապարակին վրայ սկիզբ կ՛առնէ մեծ հանդիսութիւնը, որուն նախատեսուած էր Ֆրանչիսկոս Պապին մասնակցութիւնը, որ սակայն առողջապահական պատճառներով կը գտնուի Ճեմելլի հիւանդանոց, եւ հակառակ ասոր խնդրեց ու քաջալերեց` որ այս Մարդկային Եղբայրութեան փառատօնը իրականայ։

Բացայայտել եղբայրութեան եւ ընկերային բարեկամութեան իմաստը

Հանդիսութեան կը մասնակցին նաեւ իտալացի եւ օտար արուեստագէտներ, երգիչներ ու համայն աշխարհի երկիները ներկայացնող երիտասարդներ, ներառեալ Հայաստանը` յանձին Մերի եւ Յովհաննէս Ղազարեան եղբայրներու, միասնաբար բացայայտելու համար եղբայրութեան եւ ընկերային բարեկամութեան իմաստը։

Միասնական ողջագուրում համայն աշխարհին

Հանդիսութեան ընթացքին նախատեսուած է ապա բոլոր պատանիներուն միասնական ողջագուրումը, որ տեղի պիտի ունենայ Սուրբ Պետրոս հրապարակի կամարներուն ներքոյ, ի խորհրդանիշ Եկեղեցւոյ բազկատարած ողջագուրման համայն աշխարհին։

Հաւաքի աւարտին բոլոր մասնակցողներուն պիտի բաժնուի հողի կոյտ մը և ցանելիք սերմ մը, որպէս յանձնառումի նշան` պահպանելու համար եղբայրութիւն։

Վկայութիւններ եւ խաղաղութեան նուիրուած աղերս

Սուրբ Պետրոս հրապարակը եղբայրութեան մասին պիտի խօսի նաեւ վկայութիւններու ընդմէջէն ու յատկապէս մարդասիրական գործունէութեամբ զբաղող ընկերակցութիւններուն ու կազմակերպութիւններուն վկայութիւններով, մինչ աշխարհի այլ ութը հրապարակներէն Սուրբ Պետրոս հրապարակին հետ կապ պիտի հաստատեն եկեղեցական եւ զօրակցութեան ու ընկերային բարեկամութեան մշակոյթի պահպանման հետ կապ ունեցող մարդիկ ու կիներ մինչ հաւաքը պիտի եզրափակուի խաղաղութեան նուիրուած աղերսանքով։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

10/06/2023, 10:41