Մարդկային եղբայրութեան նուիրուած 10 Յունիսի «Not alone» ձեռնարկը կանոնաւոր կերպով պիտի կայանայ Վատիկանի մէջ
Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան
Հակառակ` որ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը պիտի չկարողանայ իր մասնակցութիւնը բերել, շաբաթ 10 Յունիսին Վատիկանի Սուրբ Պետրոս հրապարակին վրայ Մարդկային Եղբայրութեան նուիրուած «Not alone» միջազգային հաւաքին, հաւաքը, Ֆրանչիսկոս Պապին կամքով, տեղի կ՛ունենայ կանոնաւոր կերպով։ Այս կը կարդանք այս առիթով հրատարակուած հաղորդագրութեան մը մէջ։
Հաւաքին նախաձեռնողն է «Fratelli tutti» հիմնարկը համագործակցութեամբ Սուրբ Պետրոս Պազիլիքայի, Մարդկային համապարփակ զարգացումի ծառայութեան Վերատեսչութեան եւ Հաղորդակցութեան Վերատեսչութեան։
խթանել եղբայրութեան, երկխօսութեան ու խաղաղութեան մշակոյթը
Արդարեւ Ֆրանչիսկոս Պապ նախ քան Ճեմելլի հիւանդանոց փոխադրուիլը քաջալերանք արտայայտեց «Fratelli tutti» հիմնարկին, որպէսզի յառաջ ընթանայ այս կարեւոր միջազգային հաւաքի կազմակերպութեան մէջ, որուն իրենց մասնակցութիւնը կը բերեն աշխարհի բոլոր երկիրներէն անհատներ, ի միջի այլոց նաեւ Նոպէլեանի 30 մրցանակակիրներ եւ արուեստագէտներ ու երգիչներ ` խթանելու համար եղբայրութեան, երկխօսութեան ու խաղաղութեան մշակոյթը համախմբուելով մարդկային եղբայրութեան պատգամին շուրջը` որ առաջարկուած է Fratelli tutti յորդորագիրին մէջ։
Հաւաքին աշխարհի տարբեր երկիներ ներկայացնող երիտասարդներու շարքին կը մասնակցին նաեւ Մերի եւ Յովհաննէս Ղազարեան եղբայրները։
Ուքրանացի ու ռուս երիտասարդներու մասնակցութիւնը
«Հաւաքին պիտի մասնակցին նաեւ մէկ ուքրանացի ու մէկ ռուս երիտասարդ, որոնք իրարու ձեռքերը պիտի սեղմեն որպէս համայն մարդկութեան խաղաղութեան իղձի արտայայտութիւն», յայտարարեց այս առիթով Կարդինալ Մաուրօ Կամպեթթին` Վատիկան Քաղաքի Քահանայապետին Տեղակալը ու «Fratelli tutti» հիմնարկի նախագահը։
Կապ աշխարհի այլ ութը հրապարակներու հետ
«Շաբաթ 10 Յունիսի կէսօրէն ետք Սուրբ Պետրոս հրապարակին վրայ համախմբուած հաւաքին մասնակցողները իրենց աղօթքներով ու սիրով թիկունք պիտի կանգնին Ֆրանչիսկոս Պապին։ Հաւաքը սկիզբ կ՛առնէ կէսօրէն ետքը ժամը չորսին եւ պիտի սփռուի ուղիղ եթերով համայն աշխարհին մէջ, կապուելով նաեւ աշխարհի այլ ութը հրապարակներու հետ, Քոնկոյի մայրաքաղաք Պրածավիլ, Սիկիլիոյ Թրափանի քաղաքը, Կեդրոնական Ափրիկէի մայրաքաղաք Պանկին, Արժանթինի մայրաքաղաք` Պուէնըս Այրէսը, Երուսաղէմ, Ճափոնի Նակազաքի քաղաքը եւ Փերույի Լիմա քաղաքը», նշուած է միշտ հաւաքի կապակցութեամբ հրատարակուած հաղորդագրութեան մէջ, ուր նաեւ կը նշուի` թէ հաւաքին ընթացքին պիտի ստորագրուի «Եղբայրութեան Յայտարարութիւնը վերահաստատելու համար Եկեղեցւոյ «ՈՉ»ը պատերազմին ու յանձնառումը ի նպաստ երկխօսութեան եւ խաղաղութեան կառուցումին։
Որպէս եղբայրութեան նշան բոլոր մասնակոցղներուն պիտի բաժնուի հողի կուտ մը և սերմ մը, որպէսզի աճեցնեն եղբայրութեան բոյսը:
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ