Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան
Սուրբ Պետրոսի հրապարակին կից գտնուող «Ողորմութեան Մայր» բուժարանը իբրեւ նուէր ստացաւ 50 պատուաստանիւթեր՝անօճախներու ու հիւանդներուն համար։։
Պատուաստանիւթերուն նուէրը տեղի ունեցաւ Առաքելական ողորմնաբաշխութեան ձեռնարկած «կասեցուած պատուաստանիւթ» ծրագիրին անուան տակ։
Առաքելական ողորմնաբաշխութեան հրապարակած հաղորդագրութեան մէջ նշուած է, որ տկարներու խնամքը առաջնահերթութիւն է նամանաւանդ համաճարակի տագնապի օրերուն, ուր անձերուն միջեւ խտրականութիւնը միշտ աւելիով վտանգի ենթարկուած է։ Կայ Աւետարանին տրամաբանութիւն, որ կը մերժէ տարբերութիւնները եւ կը հրաւիրէ ձեռքերը աղտոտել՝օգնելու համար դժուարութեան մէջ գտնուող եղբայրներուն։ Այս հեռանկարով, Սիլօ ընկերակցութիւնը, որ 12 տարիէ ի վեր կը զօրակցի հիւանդներուն ու անոնց ընտանիքներուն աւելի քան 50 պատուաստանիւթ նուիրեց Քովիտէ դէմ։
Նուիրատուութիւնը մաս կը կազմէ կասեցուած պատուաստանիւթ ձեռնարկին, որուն կարելի է մասնակցիլ դիմելով www.elemosineria.va, կայքէջին, եւ որուն հասոյթով կարելի է գնել պատուաստանիւթեր։
«Սիլօ» ընկերակցութեան նուէրները փոխանցուեցան Սուրբ Պետրոսի հրապարակին կից գտնուող «Ողորմութեան Մայր» բուժարանին։ Պատուաստանիւթերը պիտի տրուին անօճախներուն, հիւանդներուն ու բուժարանի մէջ գտնուող աղքատներուն։