Բնիկներու տրուած Պատուաստանիւթ Բնիկներու տրուած Պատուաստանիւթ  

Վատիկանի ողորմնաբաշխութեան բաժանմունքը իբրեւ նուէր ստացաւ քովիտ 19-ի դէմ 50 պատուաստանիւթ

Պատուաստանիւթերուն նուէրը տեղի ունեցաւ Առաքելական ողորմնաբաշխութեան ձեռնարկած «կասեցուած պատուաստանիւթ» ծրագիրին անուան տակ։

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Սուրբ Պետրոսի հրապարակին կից գտնուող «Ողորմութեան Մայր» բուժարանը իբրեւ նուէր ստացաւ 50 պատուաստանիւթեր՝անօճախներու ու հիւանդներուն համար։։

Ունկնդրէ լուրը

Պատուաստանիւթերուն նուէրը տեղի ունեցաւ Առաքելական ողորմնաբաշխութեան ձեռնարկած «կասեցուած պատուաստանիւթ» ծրագիրին անուան տակ։

Առաքելական ողորմնաբաշխութեան հրապարակած հաղորդագրութեան մէջ նշուած է, որ տկարներու խնամքը առաջնահերթութիւն է նամանաւանդ համաճարակի տագնապի օրերուն, ուր անձերուն միջեւ խտրականութիւնը միշտ աւելիով վտանգի ենթարկուած է։ Կայ Աւետարանին տրամաբանութիւն, որ կը մերժէ տարբերութիւնները եւ կը հրաւիրէ ձեռքերը աղտոտել՝օգնելու համար դժուարութեան մէջ գտնուող եղբայրներուն։ Այս հեռանկարով, Սիլօ ընկերակցութիւնը, որ 12 տարիէ ի վեր կը զօրակցի հիւանդներուն ու անոնց ընտանիքներուն աւելի քան 50 պատուաստանիւթ նուիրեց Քովիտէ դէմ։

Նուիրատուութիւնը մաս կը կազմէ կասեցուած պատուաստանիւթ ձեռնարկին, որուն կարելի է մասնակցիլ դիմելով www.elemosineria.va, կայքէջին, եւ որուն հասոյթով կարելի է գնել պատուաստանիւթեր։

«Սիլօ» ընկերակցութեան նուէրները փոխանցուեցան Սուրբ Պետրոսի հրապարակին կից գտնուող «Ողորմութեան Մայր» բուժարանին։ Պատուաստանիւթերը պիտի տրուին անօճախներուն, հիւանդներուն ու բուժարանի մէջ գտնուող աղքատներուն։

Առաքելական ողորմնաբաշխն ու բժիշկներ
Առաքելական ողորմնաբաշխն ու բժիշկներ

 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

17/04/2021, 10:18