Մեծ հայրերու ու մեծ մայրերու համաշխարհային օրը յառաջիկայ 25 յուլիսին։
Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան
Աշխարականներու, ընտանիքի եւ կեանքի ի սպաս քահանայապետական ժողովը հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը նշելով, որ յառաջիկայ 25 յուլիս 2021ին, պիտի նշուի ֆրանչիսկոս Պապին կողմէ խնդրուած մեծ հայրերու ու մայրերու համաշխարհային օրը,« ես քու հետդ եմ ամէն օր» նիւթով, որուն նպատակն է եկեղեցւոյ ու Տիրոջ մօտիկութիւն յայտնել տարեցներուն, յատուկէն համաճարակի դժուար պահերուն։
«Ես քու հետդ եմ, ամէն օր» մօտիկութեան եւ յոյսի խոստում է, որ տարեցներն ու երիտասարդները պէտք են իրարու արտայայտել։ Ոչ միայն թոռնիկները ու երիտասարդները կանչուած են ներկայ գտնուելու տարեցներուն կեանքին մէջ, , այլեւ մեծ հայրերն ու մայրերը կանչուած են աւետարանելու առաքելութիւն մը՝ աղօթքի եւ երիտասարդները հաւատքի հրահրելու։
Հաղորդագրութեան մէջ նշուած է, որ նպաստելու համար տարեցներու համաշխարհային օրուան՝ տեղական եկեղեցիներու ու ընտանիքներէն ներս, ընտանիքի եւ աշխարականներու ի ապաս քահանայապետական ժողովը, յունիս ամսոյն կէսէն պիտի տրամադրէ միջոցներ, որոնք տրամադրելի պիտի դառնան www.amorislaetitia.va կայքէջին միջոցաւ։