Մեծ հայր ու թոռնիկը Մեծ հայր ու թոռնիկը  

Մեծ հայրերու ու մեծ մայրերու համաշխարհային օրը յառաջիկայ 25 յուլիսին։

Ոչ միայն թոռնիկները ու երիտասարդները կանչուած են ներկայ գտնուելու տարեցներուն մէջ, նաեւ մեծ հայրերն ու մայրերը կանչուած են աւետարանելու առաքելութիւն մը։

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Աշխարականներու, ընտանիքի եւ կեանքի ի սպաս քահանայապետական ժողովը հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը նշելով, որ յառաջիկայ 25 յուլիս 2021ին, պիտի նշուի ֆրանչիսկոս Պապին կողմէ խնդրուած մեծ հայրերու ու մայրերու համաշխարհային օրը,« ես քու հետդ եմ ամէն օր» նիւթով, որուն նպատակն է եկեղեցւոյ ու Տիրոջ մօտիկութիւն յայտնել տարեցներուն, յատուկէն համաճարակի դժուար պահերուն։

Ունկնդրէ լուրը

«Ես քու հետդ եմ, ամէն օր» մօտիկութեան եւ յոյսի խոստում է, որ տարեցներն ու երիտասարդները պէտք են իրարու արտայայտել։ Ոչ միայն թոռնիկները ու երիտասարդները կանչուած են ներկայ գտնուելու տարեցներուն կեանքին մէջ, , այլեւ մեծ հայրերն ու մայրերը կանչուած են աւետարանելու առաքելութիւն մը՝ աղօթքի եւ երիտասարդները հաւատքի հրահրելու։

Հաղորդագրութեան մէջ նշուած է, որ նպաստելու համար տարեցներու համաշխարհային օրուան՝ տեղական եկեղեցիներու ու ընտանիքներէն ներս, ընտանիքի եւ աշխարականներու ի ապաս քահանայապետական ժողովը, յունիս ամսոյն կէսէն պիտի տրամադրէ միջոցներ, որոնք տրամադրելի պիտի դառնան www.amorislaetitia.va կայքէջին միջոցաւ։
 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

20/04/2021, 12:41