Անօթութեան դէմ պայքարելու համար Սուրբ Աթոռի գործնական աջակցութիւնը IFAD -ին:
Վատիկան Նիուզ
«Միջազգային հանրութիւնը պէտք է միաւորէ ուժերը յանուն բոլորի համար կայուն և արդար ապագայի», կը գրէ Վատիկանի Պետական Քարտուղար Կարդինալ Փարոլինը «Իֆատ»ին ուղղած նամակին մէջ, որով կը խոստանայ թէ Սուրբ Աթոռը պատրաստակամ է 25 հազար տոլար նուիրատուութիւն տրամադրել ՄԱԿ-ի այս գործակալութեան, աջակցելու համար անոր անօթութեան դէմ մղած պայքարին, յատկապէս աշխարհի ամենաաղքատ շրջաններուն մէջ։
«Մենք չենք կրնար պարզապէս լռելեան մնալ ի տես այդքան մեծ տառապանքներուն» կը գրէ միշտ Վատիկանի Պետքարտուղարը, հրաւէր ուղղելով «օգնել այս աշխարհի աւելի աղքատ եւ դիւրաբեկութեան մէջ գտնուող բնակչութեան»։
Սուրբ Աթոռի վերոնշեալ ներդրումին լուրը յայտարարուեցաւ 12 դեկտեմբերին, Ւֆատի ի նպաստ դրամահաւաքի նոր գործընթացի ծիրէն ներս։
Այս կապակցութեամբ IFAD- ի նախագահ Ժիլպերրթ Հունկպոն նշեց, որ «կարևոր է համատեղ աշխատել մեր սնունդի համակարգերը վերափոխելու և աշխարհի առաւել խոցելի գիւղական բնակչութեան բարեկեցութիւնն ու բարօրութեան աստիճանը բարձրացնելու համար»: