Սուրբ Աթոռի գործնական աջակցութիւնը IFAD -ին: Սուրբ Աթոռի գործնական աջակցութիւնը IFAD -ին:  

Անօթութեան դէմ պայքարելու համար Սուրբ Աթոռի գործնական աջակցութիւնը IFAD -ին:

«L'Osservatore Romano» Վատիկանի օրաթերթը տեղեկացուց, որ Սուրբ Աթոռը «կարեւոր աջակցութիւն առաջարկած է IFAD - ին, որ ամենաաղքատներուն կողքին աշխատող ՄԱԿ-ի գործակալութիւնն է»
Ունկնդրէ լուրը

Վատիկան Նիուզ

«Միջազգային հանրութիւնը պէտք է միաւորէ ուժերը յանուն բոլորի համար կայուն և արդար ապագայի», կը գրէ Վատիկանի Պետական Քարտուղար Կարդինալ Փարոլինը «Իֆատ»ին ուղղած նամակին մէջ, որով կը խոստանայ թէ Սուրբ Աթոռը պատրաստակամ է 25 հազար տոլար նուիրատուութիւն տրամադրել ՄԱԿ-ի այս գործակալութեան, աջակցելու համար անոր անօթութեան դէմ մղած պայքարին, յատկապէս աշխարհի ամենաաղքատ շրջաններուն մէջ։

«Մենք չենք կրնար պարզապէս լռելեան մնալ ի տես այդքան մեծ տառապանքներուն» կը գրէ միշտ Վատիկանի Պետքարտուղարը, հրաւէր ուղղելով «օգնել այս աշխարհի աւելի աղքատ եւ դիւրաբեկութեան մէջ գտնուող բնակչութեան»։

Սուրբ Աթոռի վերոնշեալ ներդրումին լուրը յայտարարուեցաւ 12 դեկտեմբերին, Ւֆատի ի նպաստ դրամահաւաքի նոր գործընթացի ծիրէն ներս։

Այս կապակցութեամբ IFAD- ի նախագահ Ժիլպերրթ Հունկպոն նշեց, որ «կարևոր է համատեղ աշխատել մեր սնունդի համակարգերը վերափոխելու և աշխարհի առաւել խոցելի գիւղական բնակչութեան բարեկեցութիւնն ու բարօրութեան աստիճանը բարձրացնելու համար»:

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

13/12/2020, 09:44