ֆրանչիսկոս Պապին անձնական նուէրը «M/V Gulf Livestock» նաւի անձնակազմին։
Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան
Չորեքշաբթի, հոկտեմբեր 21ին, Վատիկանի մարդկային համապարփակ զարգացման ժողովը հրապարակելով նոր հաղորդագրութիւն մը տեղեկացուց, թէ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Պապը, որոշում կայացուց ,մարդկային համապարփակ զարգացման ժողովի միջոցաւ նիւթական օգնութիւն տրամադրել անցեալ 2 սեպտեմբերին, Ճափոնի ծովու , Amami Ōshima կղզիի մօտակայքը ընկմող M/V Gulf Livestock 1 նաւի անձնակազմի բոլոր ընտանիքներուն,( 39 ֆիլիփինիցի, 2 աւստրալիացի եւ 2 Նիւզելանտացի։» Նաւը նաւարկած է Նիւ Զիլանտայի նաւահանգիստէն դէպի Չինաստանի Porto di Jingtang, Tangshan նաւահանգիստ։
Հաղորդագրութեան մէջ նշուած է նաեւ, որ տնտեսական օժանդակութիւնը, համագործակցութեամբ Պապական նուիրակներուն եւ Ֆիլիփինի, Աւստրալիոյ ու Նիւ Զելանտային Ծովու Աստղ հաստատութիւններուն, պիտի փոխանցուին անյայտ վիճակի մէջ գտնուող եւ վերապրածներուն ընտանիքներուն՝ ֆրանչիսկոս Պապին անձնական նուէրին հետ միասին, ցուցաբերելու համար Նորին Սրբութեան մօտիկութիւնը ու զօրակցութիւնը։