Փոխադրական նաւ մը։ Փոխադրական նաւ մը։  

ֆրանչիսկոս Պապին անձնական նուէրը «M/V Gulf Livestock» նաւի անձնակազմին։

Նիւթական օժանդակութիւնը, համագործակցութեամբ Պապական նուիրակներուն եւ Ֆիլիփինի, Աւստրալիոյ ու Նիւ Զելանտային աստղ ծովու հաստատութիւններուն, պիտի փոխանցուին անյայտ վիճակի մէջ գտնուող եւ վերապրածներուն ընտանիքներուն՝ ֆրանչիսկոս Պապին անձնական նուէրին հետ միասին։

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Չորեքշաբթի, հոկտեմբեր 21ին, Վատիկանի մարդկային համապարփակ զարգացման ժողովը հրապարակելով նոր հաղորդագրութիւն մը տեղեկացուց, թէ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Պապը, որոշում կայացուց ,մարդկային համապարփակ զարգացման ժողովի միջոցաւ նիւթական օգնութիւն տրամադրել անցեալ 2 սեպտեմբերին, Ճափոնի ծովու , Amami Ōshima կղզիի մօտակայքը ընկմող M/V Gulf Livestock 1 նաւի անձնակազմի բոլոր ընտանիքներուն,( 39 ֆիլիփինիցի, 2 աւստրալիացի եւ 2 Նիւզելանտացի։» Նաւը նաւարկած է Նիւ Զիլանտայի նաւահանգիստէն դէպի Չինաստանի Porto di Jingtang, Tangshan նաւահանգիստ։

Ունկնդրէ լուրը

Հաղորդագրութեան մէջ նշուած է նաեւ, որ տնտեսական օժանդակութիւնը, համագործակցութեամբ Պապական նուիրակներուն եւ Ֆիլիփինի, Աւստրալիոյ ու Նիւ Զելանտային Ծովու Աստղ հաստատութիւններուն, պիտի փոխանցուին անյայտ վիճակի մէջ գտնուող եւ վերապրածներուն ընտանիքներուն՝ ֆրանչիսկոս Պապին անձնական նուէրին հետ միասին, ցուցաբերելու համար Նորին Սրբութեան մօտիկութիւնը ու զօրակցութիւնը։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

21/10/2020, 14:05