Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան
ֆրանչիսկոս Պապին «Գովեալ ըլլաս» շրջաբերականին 5-րդ տարեդարձին ծիրէն ներս, ի լոյս կ՝ընդծայուի «Ուղեւորութեան մէջ Հասարակաց տան խնամքի համար» վերնագիրով փաստաթուղթը մը։
Փաստաթուղթը արդիւնքն է Վատիկանի տարբեր ժողովներուն, համապարփակ բնապահպանութեան մասին կատարած միասնական աշխատանքներուն։
Փաստաթուղթի ներկայացումը տեղի կ՝ունենայ, հինգշաբթի, 18 յունիսին, առաւօտեան ժամը 11,30 ին Յովհաննէս Պօղոս Բ անուան դահլիճէն ներս, մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին, որուն ելոյթ ունեցողներուն շարքին են ի մէջ այլոց Վատիկանի Պետական քարտուղարութեան , Պետութիւններուն հետ յարաբերութիւններու քարտուղար Գերապայծառ Ռիչարտ Փոլ Կալլակեր։ Կաթողիկէ դաստիարակութեան ժողովի քարտուղար գերապայծառ Անճէլօ Վինչենցօ Զանին եւ մարդկային համապարփակ զարգացման ժողովին քարտուղար Գերապայծառ Պրունօ Մարի Տուֆէն։