Բնութենէ առնուած լուսանկար Բնութենէ առնուած լուսանկար 

«Ուղեւորութեան մէջ՝ Հասարակաց տան խնամքի համար» փաստաթուղթի ներկայացում։

Փաստաթուղթը արդիւնք է Վատիկանի տարբեր ժողովներու բնապահպանութեան մասին կատարած միասնական աշխատանքներուն։

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան


ֆրանչիսկոս Պապին «Գովեալ ըլլաս» շրջաբերականին  5-րդ տարեդարձին ծիրէն ներս, ի լոյս կ՝ընդծայուի  «Ուղեւորութեան մէջ Հասարակաց տան խնամքի համար» վերնագիրով փաստաթուղթը մը։

Փաստաթուղթը արդիւնքն է Վատիկանի տարբեր ժողովներուն, համապարփակ բնապահպանութեան մասին  կատարած միասնական աշխատանքներուն։

Ունկնդրէ լուրը

Փաստաթուղթի ներկայացումը տեղի կ՝ունենայ, հինգշաբթի, 18 յունիսին, առաւօտեան ժամը 11,30 ին Յովհաննէս Պօղոս Բ անուան դահլիճէն ներս,  մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին, որուն ելոյթ ունեցողներուն շարքին են ի մէջ այլոց Վատիկանի Պետական քարտուղարութեան , Պետութիւններուն հետ յարաբերութիւններու քարտուղար Գերապայծառ Ռիչարտ Փոլ Կալլակեր։ Կաթողիկէ դաստիարակութեան ժողովի քարտուղար գերապայծառ Անճէլօ Վինչենցօ Զանին եւ մարդկային համապարփակ զարգացման ժողովին քարտուղար Գերապայծառ Պրունօ Մարի Տուֆէն։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

16/06/2020, 09:15