Շնորհակալութիւն Ֆրանչիսկոս Պապին՝ Իտլիպի մէջ լքուած մարդկութիւնը յիշելուն համար:
Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան
Լրագրողներու ընկերակցութիւններ եւ մարդասիրական միջազգային բարեսիրական կամզակերպութիւններ եւ հասարակութիւններ շնորակալութիւն յայտնած են ֆրանչիսկոսս Պապին՝ Իտաիպի քաղաքացիներուն դէմ գործադրուած ողբերգութիւնները միշտ յիշելուն համար: Այս մասին յայտնած է Տիար Ռիքարտօ Քրիստիանօ, Հայր Տալ Օլիիոյի լրագրող բարեկամներուն ընկերացութեան նախագահը՝ Վատիկան Նիւզի հետ ունեցած զրոյցի մը ընթացքին:
«Յատուկ շնորհակալութիւն ֆրանչիսկոս Պապին որ միակ համաշխարհային իշխանութիւնն է, որ միտ կը յիշէ Իտլիպի եւ համայն Սուրիոյ մէջ տեղի ունեցող ողբերգութիւնները: ըսած է Տիար Ռիքարտօ աւեցնելով, որ 8 մարտ 2020ին, կիներու միջազգային օրը, վերոնշեալ ընկերակցութեան բարեկամները ներկայ պիտի գտնուին, Ֆրանչիսկոս Պապի կիրակնօրեայ մարեմեան աղօթքին՝ որուն ընթացքին պիտի ցուցադրեն պաստառներու վրայ արձանագրուած «Իտլիպի մոռցուածներուն համար» գրութիւնը՝ ի յիշատակ Իտլիպի ու համայն Սուրիոյ բնակչութեան:
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ