Իտլիպէն առնուած լուսանկար Իտլիպէն առնուած լուսանկար 

Շնորհակալութիւն Ֆրանչիսկոս Պապին՝ Իտլիպի մէջ լքուած մարդկութիւնը յիշելուն համար:

«ֆրանչիսկոս Պապ միակ համաշխարհային իշխանութիւնն է, որ միշտ կը յիշէ Իտլիպի եւ համայն Սուրիոյ մէջ տեղի ունեցող ողբերգութիւնները»:

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Լրագրողներու ընկերակցութիւններ եւ մարդասիրական միջազգային  բարեսիրական կամզակերպութիւններ եւ  հասարակութիւններ շնորակալութիւն յայտնած են ֆրանչիսկոսս Պապին՝ Իտաիպի  քաղաքացիներուն դէմ գործադրուած ողբերգութիւնները միշտ յիշելուն համար: Այս մասին յայտնած է  Տիար Ռիքարտօ Քրիստիանօ,  Հայր Տալ Օլիիոյի լրագրող բարեկամներուն ընկերացութեան նախագահը՝ Վատիկան Նիւզի հետ ունեցած զրոյցի մը ընթացքին:

Ունկնդրէ լուրը

«Յատուկ շնորհակալութիւն ֆրանչիսկոս Պապին որ միակ համաշխարհային իշխանութիւնն է, որ  միտ կը յիշէ Իտլիպի եւ համայն Սուրիոյ մէջ տեղի ունեցող ողբերգութիւնները: ըսած է Տիար Ռիքարտօ աւեցնելով, որ  8 մարտ 2020ին, կիներու միջազգային օրը, վերոնշեալ ընկերակցութեան բարեկամները ներկայ պիտի գտնուին, Ֆրանչիսկոս Պապի  կիրակնօրեայ մարեմեան աղօթքին՝ որուն ընթացքին պիտի ցուցադրեն պաստառներու վրայ արձանագրուած «Իտլիպի մոռցուածներուն համար» գրութիւնը՝  ի յիշատակ Իտլիպի ու համայն Սուրիոյ բնակչութեան:

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

07/03/2020, 12:54