Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան
«Ֆրանչիսկոսի տնտեսականութիւն» հաւաքի կազմակերպիչ կոմիտէն հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ կը նշէ, թէ ի տես աշխարհի մէջ մէկ վայրէ այլ վայր փոխադրուելու երիտասարդներուն ունեցած դժուարութիւններուն, Ֆրանչիսկոս Պապին հրամանով, «Ֆրանչիսկոս տնտեսականութիւն» երիտասարդներու հաւաքի թուականը յետաձգուեցաւ 21 նոյեմբեր 2020-ին:
Հաղորդագրութեան մէջ նշուած է նաեւ թէ վերոնշեալ հաւաքի նախատեսուած է 2000 երիտասարդներու մասնակցութիւնը աւելի քան 115 երկիրներէն: