«Ֆրանչիսկոսի տնտեսութիւն» հաւաքի խորհրդանիշը «Ֆրանչիսկոսի տնտեսութիւն» հաւաքի խորհրդանիշը 

«Ֆրանչիսկոսի տնտեսութիւն» երիտասարդներուն հաւաքի նոր թուականը՝ 21 նոյեմբեր 2020:

Հանդիպումի թուականը յետաձգուած է ի տես աշխարհի մէջ երկիրէ երկիր փոխադրուելու դժուարութիւններուն:

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

«Ֆրանչիսկոսի տնտեսականութիւն» հաւաքի կազմակերպիչ կոմիտէն հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը,  որուն մէջ կը նշէ, թէ ի տես աշխարհի մէջ մէկ վայրէ այլ վայր փոխադրուելու երիտասարդներուն ունեցած դժուարութիւններուն, Ֆրանչիսկոս Պապին հրամանով, «Ֆրանչիսկոս տնտեսականութիւն» երիտասարդներու  հաւաքի թուականը յետաձգուեցաւ 21 նոյեմբեր 2020-ին:

Ունկնդրէ լուրը

Հաղորդագրութեան մէջ նշուած է նաեւ թէ վերոնշեալ հաւաքի նախատեսուած է 2000 երիտասարդներու մասնակցութիւնը աւելի քան 115 երկիրներէն:

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

02/03/2020, 09:48