Ֆրանչիսկոս Պապ խորապէս տխրած է Գերմանիոյ մէջ պատահած ողբերգական կոտորածին համար:
Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան
Գերմանիոյ Հանաու քաղաքին մէջ տեղի ունեցող ողբերգական կոտորածին ի լուր, ուրբաթ, 21 փետրուարին, Վատիկանի Պետական քարտուղար՝ Կարդինալ Փիեթրօ Փարոլին Ֆրանչիսկոս Պապին անունով ցաւակցագիր մը յղած է Ֆուլտա թեմի եպիսկոպոս Գերապայծառ Միքայէլ Ժերպերիին:
Ցաւակցական հեռագիրին մէջ ծիրանաւորը նշած է թէ Ֆրանչիսկոս Պապ խորապէս տխրած է իմանալով Հանաու քաղաքին մէջ տեղի ունեցող մէջ ողբերգական կոտորածին լուրը, որուն հետեւանքով մահացած են բազմաթիւ անմեղ անձեր:
ֆրանչիսկոս Պապ իր աղօթքին մէջ Աստուծոյ ողորմածութեան կը յանձնէ զոհուածները, հայցելով Քրիստոսէն՝ կեանքի Տիրոջմէ որ սգաւորներուն մխիթարութիւն եւ վստահութիւն ներշնչէ ու անոնց ընկերանայ Աստուածային խաղաղութեան օրհնութեամբ:
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ