Աղէտի վայրէն առնուած լուսանկար Աղէտի վայրէն առնուած լուսանկար 

Ֆրանչիսկոս Պապ խորապէս տխրած է Գերմանիոյ մէջ պատահած ողբերգական կոտորածին համար:

Յանուն Ֆրանչիսկոս Պապին Վատիկանի Պետական քարտուղարի ցաւակցական հեռագիրը:

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Գերմանիոյ  Հանաու քաղաքին մէջ տեղի ունեցող ողբերգական կոտորածին ի լուր, ուրբաթ, 21 փետրուարին,  Վատիկանի Պետական քարտուղար՝ Կարդինալ Փիեթրօ Փարոլին Ֆրանչիսկոս Պապին անունով ցաւակցագիր մը յղած է Ֆուլտա թեմի եպիսկոպոս Գերապայծառ Միքայէլ Ժերպերիին:

Ունկնդրէ լուրը

Ցաւակցական հեռագիրին մէջ ծիրանաւորը նշած է թէ Ֆրանչիսկոս  Պապ խորապէս տխրած է իմանալով Հանաու քաղաքին մէջ տեղի ունեցող մէջ ողբերգական կոտորածին  լուրը, որուն հետեւանքով մահացած են բազմաթիւ անմեղ անձեր:

ֆրանչիսկոս Պապ իր աղօթքին մէջ Աստուծոյ ողորմածութեան կը յանձնէ  զոհուածները, հայցելով  Քրիստոսէն՝ կեանքի Տիրոջմէ  որ սգաւորներուն  մխիթարութիւն եւ վստահութիւն ներշնչէ  ու անոնց ընկերանայ Աստուածային խաղաղութեան օրհնութեամբ:

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

21/02/2020, 13:36