Որոնել

Տիկին Ֆրանչեսքա Տի Ճովաննի: Տիկին Ֆրանչեսքա Տի Ճովաննի: 

Տիկին Ֆրանչեսքա Տի Ճովաննի նշանակուեցաւ Սուրբ Աթոռի պետութիւններու հետ յարաբերութեան բաժանմունքի ենթաքարտուղար:

Առաջին անգամուան համար, Վատիկանի Պետութիւններուն հետ յարաբերութեան ենթաքարտուղարի պաշտօնը պիտի վարէ կին մը։

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Չորեքշաբթի, 15 յունուարին, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Պապը, Սուրբ Աթոռի Պետութիւններուն հետ յարաբերութեան բաժանմունքի ենթաքարտուղար նշանակեց Տիկին Ֆրանչեսքա Տի Ճովաննին, տալով անոր Պետական միջազգային կազմակերպութիւններուն հետ յարաբերութիւնները մշակելու պաշտօնը:

Այս առաջին անգամն է որ Վատիկանի Պետութիւններուն հետ յարաբերութեան ենթաքարտուղարի պաշտօնը կը յանձնուի կնոջ մը՝  յանձին Տիկին Ֆրանչեսքա Տի Ճովաննի:

Ունկնդրէ լուրը

Նորանշանակ ենթաքարտուղար՝ Տիկին Տի Ճովաննին 27 տարիէ ի վեր կը պաշտօնավարէ Վատիկանի Պետական Քարտուղարութեան մէջ:  Ան ծնած է Իտալիոյ Փալերմօ քաղաք՝ 1953-ին եւ ուսանած է իրաւաբանութիւն:

15 սեպտեմբեր 1993- թուականէն ի վեր, Սուրբ Աթոռին Պետութիւններուն հետ յարաբերութեան բաժանմունքի մէջ զբաղած է գաղթականներու եւ փախստականներու  հարցերով:

Յայտնենք, թէ Ղետութիւններուն հետ յարաբերութեան բաժանմունքը այսուհետ պիտի ունենայ երկու ենթաքարտուղար, Տիկին Տի Ճովաննին եւ Գերապայծառ Միրոսլավ Վաչովսքիին: Տիկին Տի Ճովաննի յատուկէն պիտի զբաղի պետական միջազգային կազմակերպութիւններուն հետ յարաբերութեամբ:

«Վատիկան Նիւզի» հետ ունեցած հարցազրոյցի մը ընթացքին նորանշանակ ենթաքարտուղարը, յայտնեց թէ ինք անակնկալի մատնուած է իմանալով նոր պաշտօնին լուրը: «Ես երբեք չէի սպասեր, որ Ֆրանչիսկոս Պապը ինծի յանձնէր այս պաշտօնը», ըսած է Ան աւելցնելով որ ինք ամէն ջանք պիտի թափէ համապատասխանելու համար Ֆրանչիսկոս Պապին վստահութեան:

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

15/01/2020, 10:01