Տիկին Ֆրանչեսքա Տի Ճովաննի նշանակուեցաւ Սուրբ Աթոռի պետութիւններու հետ յարաբերութեան բաժանմունքի ենթաքարտուղար:
Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան
Չորեքշաբթի, 15 յունուարին, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Պապը, Սուրբ Աթոռի Պետութիւններուն հետ յարաբերութեան բաժանմունքի ենթաքարտուղար նշանակեց Տիկին Ֆրանչեսքա Տի Ճովաննին, տալով անոր Պետական միջազգային կազմակերպութիւններուն հետ յարաբերութիւնները մշակելու պաշտօնը:
Այս առաջին անգամն է որ Վատիկանի Պետութիւններուն հետ յարաբերութեան ենթաքարտուղարի պաշտօնը կը յանձնուի կնոջ մը՝ յանձին Տիկին Ֆրանչեսքա Տի Ճովաննի:
Նորանշանակ ենթաքարտուղար՝ Տիկին Տի Ճովաննին 27 տարիէ ի վեր կը պաշտօնավարէ Վատիկանի Պետական Քարտուղարութեան մէջ: Ան ծնած է Իտալիոյ Փալերմօ քաղաք՝ 1953-ին եւ ուսանած է իրաւաբանութիւն:
15 սեպտեմբեր 1993- թուականէն ի վեր, Սուրբ Աթոռին Պետութիւններուն հետ յարաբերութեան բաժանմունքի մէջ զբաղած է գաղթականներու եւ փախստականներու հարցերով:
Յայտնենք, թէ Ղետութիւններուն հետ յարաբերութեան բաժանմունքը այսուհետ պիտի ունենայ երկու ենթաքարտուղար, Տիկին Տի Ճովաննին եւ Գերապայծառ Միրոսլավ Վաչովսքիին: Տիկին Տի Ճովաննի յատուկէն պիտի զբաղի պետական միջազգային կազմակերպութիւններուն հետ յարաբերութեամբ:
«Վատիկան Նիւզի» հետ ունեցած հարցազրոյցի մը ընթացքին նորանշանակ ենթաքարտուղարը, յայտնեց թէ ինք անակնկալի մատնուած է իմանալով նոր պաշտօնին լուրը: «Ես երբեք չէի սպասեր, որ Ֆրանչիսկոս Պապը ինծի յանձնէր այս պաշտօնը», ըսած է Ան աւելցնելով որ ինք ամէն ջանք պիտի թափէ համապատասխանելու համար Ֆրանչիսկոս Պապին վստահութեան:
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ