Լիոնի քրէական երկրորդ դատարանը ընդունեց կարդինալ Պարպըրէնի բողոքարկումը:
Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան
Լիոնի քրէական երկրորդ դատարանի վերաքննիչ դատարանը ընդունած է Լիոյնի թեմի, Արք Պարպըրէնի, կղերականներուն կողմէ գործադրուած սեռային չարաշահումները թաքցնելու յանցանքի դէմ ներկայացուցած բողոքարկումը:
Լիոնի արքեպիսկոպոսը 7 մարտ 2019-ին, Լիոնի քրէական դատարանի վերաքննիչ ատեանին ներկայացուցած բողոքագիրին մէջ յայտնած է , թէ ինք երբեք չէ ծածկած այդպիսի ահռելի արաքներ: Արքեպիսկոպոսը ապա որոշած է իր հրաժարականը ներկայացնել ֆրանչիսկոս Պապին: 24 յունիս 2019ին, Լիոնի թեմի առաքելական կառավարիչ նշանակուեցաւ Գերապայծառ Միշել Տուոստթ:
Կարդինալ Պարպըրէն մամուլի յղած յայտարարութեան մը մէջ հաստատեց, թէ ինք ուրախութեամբ ստացած է վերաքննիչ ատեանի վճիռը, աւելցնելով որ անգամ եւս իր արքեպիսկոպոսութեան պաշտօնը կը ձգէ ֆրանչիսկոս Պապին ձեռքերուն մէջ:
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ