Կարդինալ Պարպարին Կարդինալ Պարպարին 

Լիոնի քրէական երկրորդ դատարանը ընդունեց կարդինալ Պարպըրէնի բողոքարկումը:

Կարդինալ Պարպըրէն մամուլի յղած յայտարարութեան մը մէջ հաստատեց է, թէինք ուրախութեամբ ստացած է վերաքննիչ ատեանի վճիռը:

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Լիոնի քրէական երկրորդ դատարանի վերաքննիչ դատարանը ընդունած  է Լիոյնի թեմի, Արք Պարպըրէնի, կղերականներուն կողմէ գործադրուած սեռային չարաշահումները թաքցնելու յանցանքի դէմ ներկայացուցած բողոքարկումը:

Ունկնդրէ լուրը

Լիոնի արքեպիսկոպոսը 7 մարտ 2019-ին, Լիոնի քրէական դատարանի վերաքննիչ ատեանին ներկայացուցած բողոքագիրին մէջ յայտնած է , թէ ինք երբեք չէ ծածկած այդպիսի ահռելի արաքներ: Արքեպիսկոպոսը ապա որոշած է իր հրաժարականը ներկայացնել ֆրանչիսկոս Պապին: 24 յունիս 2019ին, Լիոնի թեմի առաքելական կառավարիչ նշանակուեցաւ Գերապայծառ Միշել Տուոստթ:

Կարդինալ Պարպըրէն մամուլի յղած յայտարարութեան մը մէջ հաստատեց,  թէ ինք ուրախութեամբ ստացած է վերաքննիչ ատեանի վճիռը,  աւելցնելով որ անգամ եւս իր արքեպիսկոպոսութեան պաշտօնը կը ձգէ ֆրանչիսկոս Պապին ձեռքերուն մէջ:

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

31/01/2020, 09:25