Որոնել

Ամազոնի բնիկ ժողովուրդներ Ամազոնի բնիկ ժողովուրդներ 

Անտրէա Թորնիելլի յօդուածը մայրապետներու մասին, որոնք խոստովանութիններ կը լսեն:

«Ներկայ ենք ամենուրէք եւ կը գործենք այն ինչ, որ կինը Մկրտութեան առաքինութեամբ կրնայ կատարել:»

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Վատիկանի Նիւզի եւ Վատիկանի Ռատիոկայանի խմբագրապետ տիար Անտրէա Թորնիելլի հրապարակած է  յօդուած մը Ամազոնեան տարածաշրջանի եպիսկոպոսներուն սինոդի ժողովին առաջին օրուան վերաբերեալ:

Ունկնդրէ լուրը

Տիար Թորնիելլի յօդուածին  մէջ անդրադարձած է  Սրբուհի Քաթերինա միաբանութեան անդամ քոյր Ալպա Թերեզա Սետիել Քասթիլլոյին եպիսկոպոսներուն սինոդի ընթացքին տուած վկայութեան:

Քոյր Ալպա Թերեզա կ՝ապրի ու  կը ծառայէ Քոլոմպիայի մէջ բնիկ ժողովուրդներուն միջեւ: 

Ան իր տուած վկայութեան մէջ ըսած է

«Ներկայ ենք ամենուրէք եւ կը գործենք այն ինչ, որ կինը Մկրտութեան առաքինութեամբ կրնայ կատարել: կ՝ընկերանանք բնիկ ժողովուրդներուն եւ այն ժամանակ երբ չկան քահանաներ մկրտութեան խորհուրդը կը մատակարարենք: Եթէ զոյգ մը կ՝ուզէ պսակուիլ,մենք ներկայ ենք եւ վկայ կը դառնանք անոնց սիրոյն : Շատ անգամ պատահած է, հաւատացեալներուն խոստովանութիններ կը լսենք առանց արձակում տալու:» Տիար Թորնիելլի յօդուածին մէջ  անդրադառնալով քոյր Ալպայի տուած վկայութեան կը գրէ.

Կրօնաւորուհիին վկայութիւնը նկարագրութիւնն է  Ամազոնի կարգ մը շրջաններուն մէջ կեանքի դժուարին  պայմաններուն : Քոյր Ալպա կը վկայէ նաեւ շատ մը զոյգերու մասին ,որոնք իրենց սուրբ Պսակի խոստումը կը կատարեն  կրօնաւորուհիւններուն ներկայութեամբ, այն ժամանակ երբ չկան քահանաններ:  

Քոյր Ալպա վկայութիւն կու տայ   նաեւ  ծանր հիւանդութեան մատնուած մարդոց մասին , որոնք կ՝ուզեն խոստովանիլ, սակայն քահանաներու պակասի բերումով , կրօնաւորուհիներուն կը դիմեն խոստովանելու համար:

Ստոյգ է որ կրօնաւորուհիները  չենք կրնար արձակում տալ սակայն անոնք կրնան աղօթել եւ լսել: Գրած է Վատիկան նիւզի խմբագրապետը աւեցնելով, որ մայրապետները քաջ գիտեն, թէ իրենք չեն կրնար սուրբ Պսակի խորհուրդ մատակարարել, սակայն կրնան ներկայ գտնուիլ:

Անտրէա Թորնիելիի անդրադառձած է խոստովանքի խորհուրդին: Ան կը մէջբերէ Ֆրանչիսկոս Պապի խոստովանքի խորհուրդի վերաբերեալ խօսքը:  «Յիսուսն է որ իշխանութիւն տուաւ առաքեալներուն՝ մեղքերը ներելու: Առաքեալներն ու անոնց յաջորդները՝ եպիսկոպոսներն, քահանաները ու համագործակիցները, Աստուծոյ ողորմածութեան գործիքներ ենք:Անոնք Յիսուսի անունով  է որ  կը գործեն:  Սա խորունկ իմաստ  ունի, որովհետեւ մենք բոլորս ընկերային էակներ ենք: Եթէ չունիս  կարողութիւնը  եղբօրդ հետ  սխալներուդ  մասին խօսելու, վստահ եղիր որ կարող չես եւս Աստուծոյ հետ խօսելու: 

Ընկերային էակներ ենք, ներումը ունի նաեւ ընկերային դիմագիծ, որովհետեւ մարդկութիւնը՝ իմ եղբայրներս, քոյրերս եւ ընկերութիւնը վիրաւորուած են իմ մեղքերուս պատճառաւ:Գրած Է Տիար Թորնիելլի,  Ան յօդուածը  եզրափակած է, օրինակ բերելով Սուրբ Իգնատիոս Լոյոլայէն՝Խոստովանքի խորհուրդին մասին:

Սուրբ Իգնատիոս երբ զինուորական էր եւ պատերազմի ճակատը կը գտնուէր ծանր վիրաւորուած էր: Ան կարծելով, որ պիտի մեռնի ուզեց մեղքերերը Խոստովանիլ: Սակայն չկար  քահանայ մը ՝ մեղքերը խոստովանելու համար:  Սուրբը  Իր ընկերը կը կանչէ ու անոր իր մեղքերը կը խստովանի: Ընկերը աշխարական ըլլալով իրաւունք  չունէր մեղքերը քաւելու: Սա գեղեցիկ դաս մըն է, որ կը շարունակուի, գրած է խմբագրապետը:  

 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

08/10/2019, 10:07