Անտրէա Թորնիելլի յօդուածը մայրապետներու մասին, որոնք խոստովանութիններ կը լսեն:
Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան
Վատիկանի Նիւզի եւ Վատիկանի Ռատիոկայանի խմբագրապետ տիար Անտրէա Թորնիելլի հրապարակած է յօդուած մը Ամազոնեան տարածաշրջանի եպիսկոպոսներուն սինոդի ժողովին առաջին օրուան վերաբերեալ:
Տիար Թորնիելլի յօդուածին մէջ անդրադարձած է Սրբուհի Քաթերինա միաբանութեան անդամ քոյր Ալպա Թերեզա Սետիել Քասթիլլոյին եպիսկոպոսներուն սինոդի ընթացքին տուած վկայութեան:
Քոյր Ալպա Թերեզա կ՝ապրի ու կը ծառայէ Քոլոմպիայի մէջ բնիկ ժողովուրդներուն միջեւ:
Ան իր տուած վկայութեան մէջ ըսած է
«Ներկայ ենք ամենուրէք եւ կը գործենք այն ինչ, որ կինը Մկրտութեան առաքինութեամբ կրնայ կատարել: կ՝ընկերանանք բնիկ ժողովուրդներուն եւ այն ժամանակ երբ չկան քահանաներ մկրտութեան խորհուրդը կը մատակարարենք: Եթէ զոյգ մը կ՝ուզէ պսակուիլ,մենք ներկայ ենք եւ վկայ կը դառնանք անոնց սիրոյն : Շատ անգամ պատահած է, հաւատացեալներուն խոստովանութիններ կը լսենք առանց արձակում տալու:» Տիար Թորնիելլի յօդուածին մէջ անդրադառնալով քոյր Ալպայի տուած վկայութեան կը գրէ.
Կրօնաւորուհիին վկայութիւնը նկարագրութիւնն է Ամազոնի կարգ մը շրջաններուն մէջ կեանքի դժուարին պայմաններուն : Քոյր Ալպա կը վկայէ նաեւ շատ մը զոյգերու մասին ,որոնք իրենց սուրբ Պսակի խոստումը կը կատարեն կրօնաւորուհիւններուն ներկայութեամբ, այն ժամանակ երբ չկան քահանաններ:
Քոյր Ալպա վկայութիւն կու տայ նաեւ ծանր հիւանդութեան մատնուած մարդոց մասին , որոնք կ՝ուզեն խոստովանիլ, սակայն քահանաներու պակասի բերումով , կրօնաւորուհիներուն կը դիմեն խոստովանելու համար:
Ստոյգ է որ կրօնաւորուհիները չենք կրնար արձակում տալ սակայն անոնք կրնան աղօթել եւ լսել: Գրած է Վատիկան նիւզի խմբագրապետը աւեցնելով, որ մայրապետները քաջ գիտեն, թէ իրենք չեն կրնար սուրբ Պսակի խորհուրդ մատակարարել, սակայն կրնան ներկայ գտնուիլ:
Անտրէա Թորնիելիի անդրադառձած է խոստովանքի խորհուրդին: Ան կը մէջբերէ Ֆրանչիսկոս Պապի խոստովանքի խորհուրդի վերաբերեալ խօսքը: «Յիսուսն է որ իշխանութիւն տուաւ առաքեալներուն՝ մեղքերը ներելու: Առաքեալներն ու անոնց յաջորդները՝ եպիսկոպոսներն, քահանաները ու համագործակիցները, Աստուծոյ ողորմածութեան գործիքներ ենք:Անոնք Յիսուսի անունով է որ կը գործեն: Սա խորունկ իմաստ ունի, որովհետեւ մենք բոլորս ընկերային էակներ ենք: Եթէ չունիս կարողութիւնը եղբօրդ հետ սխալներուդ մասին խօսելու, վստահ եղիր որ կարող չես եւս Աստուծոյ հետ խօսելու:
Ընկերային էակներ ենք, ներումը ունի նաեւ ընկերային դիմագիծ, որովհետեւ մարդկութիւնը՝ իմ եղբայրներս, քոյրերս եւ ընկերութիւնը վիրաւորուած են իմ մեղքերուս պատճառաւ:Գրած Է Տիար Թորնիելլի, Ան յօդուածը եզրափակած է, օրինակ բերելով Սուրբ Իգնատիոս Լոյոլայէն՝Խոստովանքի խորհուրդին մասին:
Սուրբ Իգնատիոս երբ զինուորական էր եւ պատերազմի ճակատը կը գտնուէր ծանր վիրաւորուած էր: Ան կարծելով, որ պիտի մեռնի ուզեց մեղքերերը Խոստովանիլ: Սակայն չկար քահանայ մը ՝ մեղքերը խոստովանելու համար: Սուրբը Իր ընկերը կը կանչէ ու անոր իր մեղքերը կը խստովանի: Ընկերը աշխարական ըլլալով իրաւունք չունէր մեղքերը քաւելու: Սա գեղեցիկ դաս մըն է, որ կը շարունակուի, գրած է խմբագրապետը:
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ