Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան
Յուլիսի 6-ին կը նշուի ՄԱԿ-ի կողմէ հաստատուած «Համակարգերու» միջազգային օրը (International Day of Cooperatives) որուն այս տարուայ բնաբանն է «Համակարգերը ի նպաստ արժանավայել աշխատանքի»։
Օրը հաստատուած է «International Co-operative Alliance» դաշնութեան կողմէ 1923-ին եւ 1995էն ասդին, դաշնութեան հիմնադրութեան հարիւրամեակին առթիւ, ՄԱԿը միացաւ վերոնշեալ նշումին «Համակարգերու» ն յատկացնելով միջազգային օր մը։
Օրուան առթիւ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Պապը քահանայապետական թուիթըրեան կայքին վրայ հրապարակեց թուիթ մը որուն մէջ նշեց. «Կարիքը ունինք անհատներու եւ իշխանութիւններու որոնք կը պաշտպանեն աշխատաւորներու արժանապատուութիւնը, աշխատանքի արժանապատուութիւնը ու երկրի բարիքը՝ որ մեր հասարակաց տունն է»։