«Համակարգերու» միջազգային օր «Համակարգերու» միջազգային օր 

«Կարիքն ունինք աշխատաւորներու արժանապատուութիւնը պաշտպանող մարդոց եւ իշխանութիւններու» Ֆրանչիսկոս Պապ։

Այսօր կը նշուի ՄԱԿ-ի կողմէ հաստատուած որպէս «Համակարգերու» միջազգային օրը (International Day of Cooperatives)

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Յուլիսի 6-ին կը նշուի ՄԱԿ-ի կողմէ հաստատուած «Համակարգերու» միջազգային օրը (International Day of Cooperatives) որուն այս տարուայ բնաբանն է «Համակարգերը ի նպաստ արժանավայել աշխատանքի»։

Ունկնդրէ լուրը

Օրը հաստատուած է «International Co-operative Alliance» դաշնութեան կողմէ 1923-ին եւ 1995էն ասդին, դաշնութեան հիմնադրութեան հարիւրամեակին առթիւ, ՄԱԿը միացաւ վերոնշեալ նշումին «Համակարգերու» ն յատկացնելով միջազգային օր մը։

Օրուան առթիւ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Պապը քահանայապետական թուիթըրեան կայքին վրայ հրապարակեց թուիթ մը որուն մէջ նշեց. «Կարիքը ունինք անհատներու եւ իշխանութիւններու որոնք կը պաշտպանեն աշխատաւորներու արժանապատուութիւնը, աշխատանքի արժանապատուութիւնը ու երկրի բարիքը՝ որ մեր հասարակաց տունն է»։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

06/07/2019, 11:30