Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան
Ուրբաթ, սեպտեմբեր 21-ին, կը նշուի խաղաղութեան միջազգային օրը, հաստատուած ՄԱԿ-ի կողմէ: 2018-ի, խաղաղութեան օրուան նիւթն է Խաղաղութեան իրաւունքը. Մարդու իրաւունքներու համաշխարհային հռչակագիրին 70 ամեակը:
Այս առթիւ, Ֆրանչիսկոս Պապ հրապարակեց նոր թուիթ մը, որուն մէջ շեշտը դրաւ խաղաղութեան վրայ նկատել տալով, որ խաղաղութիւնը ընտրանք մըն է, եւ ոչ թէ պարտադրուող կամ պատահաբար գտնուող իրողութիւն մը:
«Խաղաղութիւնը կ՝ընտրուի, չի պարտադրուիր եւ չգտնուիր պատահաբար:» գրեց ֆրանչիսկոս Պապ