Ֆրանչիսկոս Պապ  Ասսիզիի սրբավայրին մէջ,  2016ին, խաղաղութեան միջազգային օրուան առիթով Ֆրանչիսկոս Պապ Ասսիզիի սրբավայրին մէջ, 2016ին, խաղաղութեան միջազգային օրուան առիթով  (Ossevatore Romano)

Ֆրանչիսկոս Պապի սեպտեմբեր 21-ի թուիթը, միջազգային խաղաղութեան օրուան առթիւ:

Միջազգային խաղաղութեան օր՝ հռչակուած ՄԱԿ-ի կողմէ:

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Ուրբաթ, սեպտեմբեր 21-ին, կը նշուի խաղաղութեան միջազգային օրը, հաստատուած ՄԱԿ-ի կողմէ: 2018-ի, խաղաղութեան օրուան նիւթն է Խաղաղութեան իրաւունքը. Մարդու իրաւունքներու համաշխարհային հռչակագիրին 70 ամեակը:

Այս առթիւ, Ֆրանչիսկոս Պապ հրապարակեց նոր թուիթ մը, որուն մէջ շեշտը դրաւ խաղաղութեան վրայ նկատել տալով, որ խաղաղութիւնը ընտրանք մըն է, եւ ոչ թէ պարտադրուող կամ պատահաբար գտնուող իրողութիւն մը:

«Խաղաղութիւնը կ՝ընտրուի, չի պարտադրուիր եւ չգտնուիր պատահաբար:» գրեց ֆրանչիսկոս Պապ

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

21/09/2018, 12:00