«Զօրակցինք գաղթականներուն» Ֆրանչիսկոս Պապին թուիթը։
Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան
«Զօրակցութեան շօշափելի ժեստերով բաժնեկցինք ապաստանեալներու ու գաղթականներու ուղեւորութիւնը #sharejourney»։ Այսպէս գրեց Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը, կիրակի 17 յունիս 2018-ին, Քահանայապետական @pontifex թուիթըրեան կայքի վրայ հրապարակած իր թուիթին մէջ, հրաւէր ուղղելով թիկունք կանգնելու գաղթականներուն եւ ապաստանեալներուն եւ այդ ընելու զօրակցութեան շօշափելի արարքներով։
Թուիթը հրապարակուած է նաեւ Քարիթասի՝ 17-24 յունիս շաբթուայ ընթացքին նախատեսուած գաղթականներու նուիրուած «Share the Journey - Global Week of Action» ձեռնարկի առթիւ, որուն մանրամասնութիւնները կարելի է գտնել հետեւեալ հասցէի վրայ http://journey.caritas.org/gwa18/
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ