Գաղթականներ Գաղթականներ 

«Զօրակցինք գաղթականներուն» Ֆրանչիսկոս Պապին թուիթը։

Շօշափելի ժեստերով բաժնեկցինք ապաստանեալներու ու գաղթականներու ուղեւորութիւնը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

«Զօրակցութեան շօշափելի ժեստերով բաժնեկցինք ապաստանեալներու ու գաղթականներու ուղեւորութիւնը #sharejourney»։ Այսպէս գրեց Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը, կիրակի 17 յունիս 2018-ին, Քահանայապետական @pontifex թուիթըրեան կայքի վրայ հրապարակած  իր թուիթին մէջ, հրաւէր ուղղելով թիկունք կանգնելու գաղթականներուն եւ ապաստանեալներուն եւ այդ ընելու զօրակցութեան շօշափելի արարքներով։

Թուիթը հրապարակուած է նաեւ Քարիթասի՝ 17-24 յունիս շաբթուայ ընթացքին նախատեսուած  գաղթականներու նուիրուած «Share the Journey - Global Week of Action» ձեռնարկի առթիւ, որուն մանրամասնութիւնները կարելի է գտնել հետեւեալ հասցէի վրայ http://journey.caritas.org/gwa18/

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

17/06/2018, 11:30