Որոնել

2024.01.06 Angelus

Աղօթենք խաղաղութեան համար ու քալենք Քրիստոնեաներու միութեան ճանապարհին վրայ. Ֆրանչիսկոս Պապ

Քահանայապետը յիշեց Պօղոս Զ եւ Աթենակորա Պատրիարքի միջեւ պատմական հանդիպումի 60 ամեակը, հրաւիրեց աղօթել խաղաղութեան համար, զօրակցութիւն յայտնեց Իրանի ժողովուրդին, ակնարկեց Միսիոներ մանկութեան օրուան ու ողջունեց Մոգերու ժողովրդական Երթի ձեռնարկը բոլորին մաղթելով Բարի Աստուածայայտնութեան տօն։

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Շաբաթ 6 Յունուար 2024ին, Աստուածայայտնութեան տօնին օրուան առիթով իր գրասենեակի պատուհանէն արտասանած Մարեմեան աղօթքի աւարտին Ֆրանչիսկոս Պապը ողջունեց Սուրբ Պետրոս հրապարակ ժամանած ուխտաւորները յիշելով վաթսուն տարիներ առաջ, այս օրերուն, Պօղոս Զ եւ Աթենակորա Տիեզերական Պատրիարքի միջեւ տեղի ունեցած հանդիպումը Երուսաղեմի մէջ։

Պօղոս Զ եւ Աթենակորա Պատրիարքի միջեւ պատմական հանդիպումի 60 ամեակ

«Անիկա տապալեց անհաղորդակցութեան պատ մը` որ դարեր ամբողջ իրարմէ հեռու պահած էր կաթողիկէները եւ օրթոտոքսները» ըսաւ Սրբազան Պապը հրաւիրելով դաս գաղել քրիստոնեաներու միութեան ճանապարհին վրայ Եկեղեցւոյ այդ երկու Մեծերէն, «աղօթելով միասին, քալելով միասին ու աշխատելով միասին» յարեց Ան ու ասկէ մեկնելով հրաւիրեց աղօթել նաեւ խաղաղութեան համար։

Խաղաղութեան համար աղօթք

«Աղօթենք խաղաղութեան համար, Միջին Արեւելքի մէջ խաղաղութեան համար, Պաղեստինի, Իսրայէլի եւ Ուքրանիոյ մէջ ու համայն աշխարհի խաղաղութեան համար» կոչ ուղղեց Ֆրանչիսկոս Պապը ակնարկելով պատերազմներու բազմաթիւ զոհերուն, մեռեալներուն, աւերներուն։

Մօտիկութիւն Իրանի մէջ ահաբեկչական արարքի զոհերուն

«Աղօթենք խաղաղութեան համար» կրկնեց Ան իր մօտիկութիւնը արտայայտելով նաեւ Իրանի ժողովուրդին ու մասնաւորապէս Քերմանի մէջ ահաբեկչական արարքի բազմաթիւ զոհերու ընտանիքներուն, վիրաւորներուն ու բոլոր անոնց որոնք թիրախ եղան այդ ցաւին։

Միսիոներ մանկութեան օրը

«Աստուածայայտնութեան օրը է նաեւ «Պատանիներու միսիոներական համաշխարհային օրը»» ըսաւ հուսկ Սրբազան Պապը, ողջունելով համայն աշխարհի պատանիները, ու շնորհակալութիւն յայտնելով անոնց` աղօթքի յանձնառումին համար ու նաեւ Աւետարանի հռչակումին համար։

Մոգերուն երթը

Սրբազան Պապը հուսկ ուրախութեամբ ողջունեց պատմաժողովրդական երթին մասնակցողները ապա աշխարհի տարբեր վայրերէն ժամանած ուխտաւորները յատուկ օրհնութիւն շնորհելով Վարսավիայի ու Լեհաստանի տարբեր քաղաքներուն մէջ Մոգերու Երթին մասնակցողները։

Նորին Սրբութիւն հուսկ բոլորին մաղթեց Բարի Աստուածայայտնութեան տօն, խնդրեց` որ աղօթեն իրեն համար ու քաջալերեց յառաջ ընթանալու քաջութեամբ։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

06/01/2024, 12:37