Որոնել

TOPSHOT-FRANCE-IRAN-BLAST-DEMO

Քահանայապետին խոր ցաւը Իրանի Քերման գերեզմանի մօտ պայթումի զոհերուն համար

Կարդինալ Փիեթրօ Փարոլինի ստորագրութիւնը կրող հեռագիրով մը Ֆրանչիսկոս Պապը իր ցաւակցութիւնները յայտնեց անցեալ 3 Յունուարին Իրանի Քերման գերեզմանի մօտ պատահած ահաբեկչական արարքի զոհերու ընտանիքներուն ու վիրաւորներուն։
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

«Խոր ցաւ» այս է այն ինչ որ կը յայտնէ Ֆրանչիսկոս Պապը մարդկային կեանքերու կորուստին համար, Իրանի հարաւ կեդրոնական շրջանի մէջ գտնուող Քերմանի մէջ տեղի ունեցած ահաբեկչական պայթումին հետեւանքով։ Սուրբ Աթոռի Պետական Քարտուղար Կարդինալ Փիեթրօ Փարոլինի ստորագրութիւնը կրող հեռագիրով մը Նորին Սրբութիւնը իր «աղօթքները կ՛ապահովեցնէ անոնց` որոնք մահացան ու անոնց սուգի մէջ գտնուող ընտանիքներուն»։ Ան նաեւ «հոգեւոր զօրակցութիւն կը յայտնէ բոլոր վիրաւորներուն եւ Իրանի ժողովուրդին վրայ կը հայցէ Ամենակալին իմաստութեան ու խաղաղութեան օրհնութիւնները» գրուած է վերոնշեալ Հեռագիրին մէջ։

Յայտնենք, որ անցեալ 3 Յունուարին Իրանի Քերման քաղաքին մէջ տեղի ունեցած էին 2 պայթումներ, մէկը միւսէն 20 վայրկեան տարբերութեամբ, 2020 թուականին Պաղտատի մէջ ԱՄՆի օդային հարուածի հետեւանքով իրանցի զօրավար Քասեմ Սիւլէյմանիի մահուան 4-րդ տարելիցի օրը, անոր յիշատակին նուիրուած արարողութեան ժամանակ, որուն իրենց մասնակցութիւնը կը բերէին հազարաւոր հաւատացեալներ։

Ըստ տուեալներուն պայթումներու հետևանքով զոհուածներուն թիւը հասած 100 է իսկ վիրաւորներունը 280։

Պայթումներու պատասխանատուութիւնը ստանձնեց ISIS ահաբեկչական կազմակերպութիւնը։

 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

05/01/2024, 10:11