Որոնել

Առաքինութիւններ եւ մոլութիւններ. Պահպանել սիրտը։ Քահանայապետը սկիզբ տուաւ խորհրդածութիւններու նոր շարքի մը

«Ադամն ու Եւան չկարողացան դիմակայել օձի փորձութեան։ Չար Աստուծոյ մը գաղափարը, որ կցանկանար զանոնք հպատակող պահել, կը սկսի արմատանալ անոնց մտքերուն մէջ», ըսաւ Սրբազան Պապը մատնանշելով որ այս պատմուածքով Աստուածաշունչը մեզի կը բացատրէ որ չարը մարդուն մէջ կը սկսի այն պահուն երբ մարդս կը սկսի զայն օրօրել իր երեւակայութեան ու մտքին մէջ....Աբէլին սպանութիւնը չսկսաւ քար մը նետելով, այլ ոխերմութեամբ զոր Կայէնը կը կրէ իր սրտին մէջ» յարեց Քահանայապետը զգուշացնելով սատանային հետ երկխօսութիւն հաստատելէ։
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Չորեքշաբթի 27 դեկտեմբեր 2023ի առաւօտեան Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը Պօղոս Զ անուան դահլիճէն ներս գլխաւորեց 2023 տարուայ վերջին հրապարակային ընդհանուր ունկնդրութիւնը, մասնակցութեամբ հազարաւոր հաւատացեալներու եւ այս առիթով ուզեց սկիզբ տալ խորհրդածութիւններու նոր շարքի մը կեդրոնացած առաքինութիւններու ու մոլութիւններու վրայ, տրուած ըլլալով` որ անցեալ անգամ աւարտեց «աւետարանական կիրքի եւ առաքելական եռանդի» նուիրուած խորհրդածութիւններու շարքը։

Պահպանել սիրտը

Որպէս նախաբան Նորին Սրբութիւնը ուզեց խօսիլ սիրտը պահպանելու մասին ու այս ըրաւ մեկնելով Աստուածաշունչի ծննդորց գիրքի առաջին էջերէն, Ադամի եւ Եւայի դրուագէն, «որ կը ներկայացնէ չարի և փորձութեան շարժականութիւնը» ըսաւ Սրբազան Պապը։

«Եդեմի պարտէզին մէջ կը յայտնուի կերպար մը, որ կը դառնայ փորձութեան խորհրդանիշ՝ օձը:...եւ օձը վտանգաւոր անասուն է» յարեց Քահանայապետը նկատել տալով որ ան «Ադամի և Եւայի հետ իր երկխօսութիւն ժամանակ ինքզինք կը յայտնէ որպէս նուրբ ճարտարախօս։

Օձը, սատանան

«Օձը զրոյցը կը սկսի դակարդային հարցումով. «Ճի՞շտ է, որ Աստուած ըսաւ, թէ պարտէզի ծառերէն պտուղ պէտք չէ ուտէք»։ Սխալ նախադասութիւն։ Աստուած Ադամին ու Եւային նուիրած էր պարտէզին բոլոր ծառերուն պտուղները բացի բարին ու չարը իմանալու ծառէն։ Ասիկա իմաստութեան չափանիշ մըն էր, որուն նպատակը մարդը գիտակից դարձնելն էր ու անոր հասկցնելն էր թէ ինք ամէն բանի տէրը չէ, որովհետեւ հպարտութիւնը ամէն չարիքներուն սկիզբն է» բացատրեց Նորին Սրբութիւնը նշելով նաեւ, որ Աստուած նախահայրերը կը դասէ որպէս արարչագործութեան տէրերն ու պահապանները, սակայն կ՛ուզէր զանոնք պաշտպանել ամենակարողութեան կանխավարկածէն, իրենք զիրենք բարիի ու չարի տէրերը կարծելէն։

«Ադամն ու Եւան չկարողացան դիմակայել օձի փորձութեան։ Չար Աստուծոյ մը գաղափարը, որ կցանկանար զանոնք հպատակող պահել, կը սկսի արմատանալ անոնց մտքերուն մէջ», ըսաւ Սրբազան Պապը մատնանշելով, որ այս պատմուածքով Աստուածաշունչը մեզի կը բացատրէ, թէ չարը մարդուն մէջ կը սկսի այն պահուն երբ մարդս կը սկսի զայն օրօրել իր երեւակայութեան ու մտքին մէջ....Աբէլին սպանութիւնը չսկսաւ քար մը նետելով, այլ ոխերմութեամբ զոր Կայէնը կրեց իր սրտին մէջ։

Պէտք չէ զրուցել սատանային հետ

Պէտք չէ երբեք վիճաբանիլ սատանային հետ։ Յիսուս ոչ մէկ անգամ զրոյց ունեցաւ ունեցաւ սատանային հետ։ Զայն վտարեց։ Եւ երբ անապատին մէջ փորձուեցաւ անորմէ, երկխօսութիւն չկատարեց, այլ պատասխանեց Սուրբ Գիրգի խօսքերով` Աստուծոյ խօսքով։ Զգոյշ եղէք` սատանան հրապուրիչ է։ Երբեք մի խօսիք անոր հետ, անիկայ խորամանկ է, մեզմէ աւելի, երբ փորձութեան դիմաց ենք, չխօսինք անոր հետ, գոցենք դռները։ Գոցենք սիրտը, որպէսզի մենք մեզ պաշտպանենք այդ հրապոյրէն։ Անիկա Յիսուսը փորձելու համար օգտագործեց աստուածաշունչին խօսքերը։ Սատանային հետ պէտք չէ զրուցել։ Ուշադիր եղէք...անոր առջեւ փակենք բոլոր դռները։ Պահպանենք սիրտը» ըսաւ հուսկ Ֆրանչիսկոս Պապը շեշտելով որ պէտք է պահապանը ըլլանք մեր սեփական սրտին։

Սորվինք պահպանել սիրտը

«Եւ մենք պէտք է խնդրենք այս շնորհքը, շնորհքը սորվելու պահպանել սիրտը: Իմաստութիւն է ասիկա։ Թող Տէրը օգնէ մեզ այս գործին մէջ: Եւ ան` որ սիրտը կը պահպանէ կը պահպանէ գանձ մը: Եղբայրներ և քոյրեր, սորվինք մեր սիրտը պահպանել: Շնորհակալութիւն» ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապը եզրափակելով խորհրդածութիւնը։

Պատերազմը չարիք է։ Աղօթենք խաղաղութեան համար

Ան ապա ունկնդրութեան մասնակցող հաւատացեալներուն տարբեր լեզուներով ուղղած ողջոյնի խօսքերու աւարտին հրաւիրեց աղօթել բոլոր անոնց համար, որոնք կը տառապին բռնութեան ու պատերազմի հետեւանքներէն, մասնաւորապէս մարտիրոս Ուքրանիոյ համար ու Պաղեստինի եւ Իսրայէլի համար։ «Պատերազմը չարիք է։ Աղօթենք պատերազմներու աւարտին համար» ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապը։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

27/12/2023, 09:24

Վերջին ունկնդրութիւնները

Կարդալ բոլորը >