Որոնել

2023.12.20 Udienza Generale

Կրեչչոյի մսուրը զգաստութեան և ուրախութեան դպրոց. Ֆրանչիսկոս Պապ

«Մինչ մեր տուները զարդարուած են ծննդեան մասուրի տեսարաններով, լաւ է վերադառնալ այս խորհրդանիշի աղբիւրին» ըսաւ Քահանայապետը։ Սուրբ Ծննդեան մսուրը ստեղծուած է, մեզ վերադարձնելու այն բանին` որ կարեւոր է, այսինքն Աստուծոյ` որ կու գայ ապրելու մեր մէջ։
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Չորեքշաբթի 20 դեկտեմբեր 2023ի առաւօտեան Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը Վատիկանի Պօղոս Զ անուան դահլիճին մէջ համախմբուած հազարաւոր ուխտաւորներու ներկայութեամբ գլխաւորեց հրապարակային ընդհանուր ունկնդրութիւնը, որուն առիթով ներկայացուցած աւանդական խորհրդածութիւնը կեդրոնացուց Սուրբ Մսուրի ու անոր աւանդութեան վրայ, տրուած ըլլալով որ այս տարի կը նշուի այդ մսուրին առաջին ներկայացումին 800 ամեակը նախաձեռնութեամբ Սուրբ Ֆրանչիսկոս Ասսիզացիին, որ արդարեւ 1223ին Կրէչչօ գիւղաքաղաքին մէջ կազմակերպեց Կենդանի Մսուր մը։

Առաջին մսուրը ու անոր նպատակը

«Մինչ մեր տուները զարդարուած են ծննդեան մսուրի տեսարաններով, լաւ է վերադառնալ այս խորհրդանիշի աղբիւրին» ըսաւ Քահանայապետը, ակնարկելով Սուրբ Ֆրանչիսկոսի դիտաւորութեան ու զայն ներկայացնելով սուրբին խօսքերով. «Կ՛ուզեմ Բեթղեհէմի մէջ ծնած Մանուկը ներկայացնել, և տեսակէտով մը մարմնի աչքերով տեսնել այն դժուարութիւնները, որոնց մէջ յայտնուեցաւ նորածինը անհրաժեշտ տարրական իրերու բացակայութեան պատճառով, թէ ինչպէս ան դրուեցաւ մսուրի մէջ և ինչպէս քնացած էր խոտի վրայ եզի և էշի միջև» (Թոմմազօ Տա Չելանօ Vita prima, XXX, 84: FF 468):

«Անոր նպատակն էր ոչ թէ ստեղծել արուեստական գործ մը, այլ զարմանք յառաջացնել Տիրոջ ծայրայեղ խոնարհութեան նկատմամբ, այն նեղութեան մասին, որ ան ապրեցաւ դրդուած մեր հանդէպ սէրէն, Բեթղեհէմի աղքատ քարայրին մէջ» ըսաւ Սրբազան Պապը դարձեալ մէջբերելով Ասսիզիի աղքատիկ սուրբին խօսքերը. «Այդ յուզիչ տեսարանին մէջ կը փայլի աւետարանական պարզութիւնը, կը գովաբանուի աղքատութիւնը, խորհուրդ կը տրուի խոնարհութեան։ Կրեչչոն դարձաւ նոր Բեթղեհէմ» (նոյն, 85: FF 469):

Զարմանքը    

Ֆրանչիսկոս Պապը շեշտեց «զարմանք» բառի կարեւորութիւնը. «Եթէ քրիստոնեաներս մսուրը դիտենք, որպէս գեղեցիկ, պատմական, կրօնական իրողութիւնը ու աղօթենք, ասիկա բաւարար չէ։ Բանի մարդեղութեան խորհուրդին դիմաց, Յիսուսի ծնունդին դիմաց անհրաժեշտ է զարմանքի կրօնական վերաբերմունքը, եթէ ան պակսի իմ հաւատքս կը դառնայ մակերեսային» ըսաւ Քահանայապետը։

Զգաստութեան դպրոց

«Մսուրին յատկանիշներէն է թէ ան ծնած է, որպէս զգաստութեան դպրոց» շարունակեց Ֆրանչիսկոս Պապը , նշելով որ «ան մեզի շատ բան ունի ըսելիք», և թէ «այսօր վտանգը կայ կորսնցնել այն ինչ, որ աւելիով կ՛արժէ կեանքին մէջ, փոխելով Սուրբ Ծնունդին մտայնութիւնը, մխրճուած սպառողականութեան մը մէջ, որ կը քայքայէ անոր իրական իմաստը։ Անշուշտ արդար է նուէրներ փոխանակելը, սակայն այդ իրարանցումին մէջ հարկ է նայիԼ մսուրին զարմանքով, որովհետեւ յաճախ տեղ չկայ այդ ներքին զարմանքին, այլ կը մտածենք միայն տօնախմբութիւններ կազմակերպելու» ընգծեց Քահանայապետը։ 

Սուրբ Ծննդեան մսուրը ստեղծուած է, մեզ վերադարձնելու այն բանին` որ կարեւոր է, այսինքն Աստուծոյ` որ կու գայ ապրելու մեր մէջ, ասոր համար կարեւոր է մսուրին նայիլը, որովհետեւ մեզի կ՛օգնէ հասկնալու էականը, ու նաեւ Յիսուսին յարաբերութիւնները, ընտանիքը` Մարիամն ու Յովսէփը, սիրելի անձերը, հովիւները։

«Մարդիկը նախ քան իրերը» պնդեց Նորին Սրբութիւնը զգուշացնելով իրերը մարդոց գերադասելէ վտանգէն։

Ուրախութիւնը

«Սուրբ Ծննդեան մսուրը ապա մեզի կը խօսի  ուրախութեան մասին» ըսաւ ապա Սրբազան Պապը, նկատել տալով` որ «ուրախութիւնը կը տարբերի զուարճանքէն» թէ «զուարճանալը վատ բան չէ», «մարդկային» է, սակայն «ուրախութիւնը աւելի խոր իրականութիւն է, աւելի մարդկային է» եւ «երբեմն այնպէս կը պատահի,, որ փորձութիւնը կայ զուարճանալու առանց ուրախութեան, զուարճանալ՝ աղմուկ հանելով, բայց առանց ուրախութեան», աւելցուց Ֆրանչիսկոս Պապը հաստատելով, որ «ուրախութիւնը արմատն է Ծննդեան բարի զուարճանքին համար», «զգաստութիւնը, զարմանքը մեզ կը տանին ճշմարիտ ուրախութեան» յարեց Ան նկատել տալով, որ այդ ուրախութիւնը «յառաջ կու գայ երբ շօշափելիօրէն կը զգանք Յիսուսին մօտիկութիւնը, Աստուծոյ քնքշութիւնը, որ մեզ միակ չի թողուր, այլ կը մխիթարէ եւ կ՛ընդգրկէ մեր ողջ գոյութիւնը՝ իր գեղեցկութեամբ և իր դժբախտութիւններով:

Ապրինք մեծ ուրախութիւն մը

Մօտիկութիւնը , քնքշութիւնն ու կարեկցութիւնը Աստուծոյ երեք վերաբերմունքներն են» ըսաւ ապա Ֆրանչիսկոս Սրբազան Պապը նշելով, որ «Սուրբ Ծննդեան տեսարանը նման է փոքրիկ ջրհորի, որտեղէն կարելի է քաղել Աստուծոյ մերձեցումը, յոյսի և ուրախութեան աղբիւրը: Ան նման է կենդանի Աւետարանի մը, կենցաղային Աւետարանի: Նման Աստուածաշունչի ջրհորին, անիկա հանդիպման վայր է, որտեղ` այնպէս ինչպէս ըրին Բեթղեհէմի հովիւներն ու Կրեչչոյի բնակիչները, Յիսուսին տանիլ կեանքի սպասումներն ու մտահոգութիւնները։

Եթէ ​​Սուրբ Ծննդեան մսուրին առջեւ Յիսուսին վստահինք այն ինչ, որ մեր սրտին մօտիկ է, մենք նոյնպէս պիտի ապրինք «մեծ ուրախութիւն մը» (Մատթ 2:10) ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապը եզրափակելով խորհրդածութիւնը:

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

20/12/2023, 10:49

Վերջին ունկնդրութիւնները

Կարդալ բոլորը >