Որոնել

Կուատալուփէի Տիրամօր նուիրուած պատարագի Քահանայապետին քարոզը

Սուրբ Կոյսը Խուան Տիեկոյի կը յանձնէ փոքրիկ աշխատանք մը՝ ծաղիկներ հաւաքել: Ծաղիկները հայեցողականութեան մէջ կը ներկայացնեն ներկայացնում այն առաքինութիւնները, որոնք Տէրը կը սերմանէ մեր սրտին մէջ, անոնք մեր գործը չեն: Հաւաքելու արարքը մեզի կը բացայայտէ, որ Աստուած կը ցանկանայ, որ մենք ողջունենք այս պարգևը, որ օծենք մեր փխրուն իրականութիւնը բարի գործերով՝ վերացնելով ատելութիւնն ու վախերը:
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Երեքշաբթի 12 դեկտեմբեր 2023ի երեկոյեան վեցին Սուրբ Պետրոս Պազիլիքային մէջ տեղի ունեցաւ Կուատալուփէի Տիրամօր նուիրուած սուրբ պատարագ, զոր նախագահեց Ֆրանչիսկոս Պապը ու արարողութեան ընթացքին ներկայացուց նաեւ յաւուր պատշաճի քարոզը զայն կեդրոնացնելով Սուրբ Կոյս Մարիամի պատկերին վրայ, որ հրաշքով դրոշմուած է գիւղացիի մը հանգուստ` «թիլմայի» վրայ։

«Անիկա պատկերն է առաջին աշակերտուհիին, հաւատացեալներու մօր, նոյնինքն Եկեղեցւոյ որ կը մնայ դրոշմուած այն բաներուն մէջ զոր ունինք եւ ենք, որ մեծ արժէք չունի բայց շատ մեծ է Աստուծոյ աչքերուն առջեւ» ըսաւ Սրբազան Պապը որ յիշեց թէ ինչպէս կատարուած էր հրաշքը ու Տիրամօր պատկերը դրոշմուած էր «թիլմայի» վրայ։

Սուրբ Կոյսը Խուան Տիեկոյի կը յանձնէ փոքրիկ աշխատանք մը՝ ծաղիկներ հաւաքել: Ծաղիկները հայեցողականութեան մէջ կը ներկայացնեն այն առաքինութիւնները, որոնք Տէրը կը սերմանէ մեր սրտին մէջ, անոնք մեր գործը չեն: Հաւաքելու արարքը մեզի կը բացայայտէ, որ Աստուած կը ցանկանայ, որ մենք ողջունենք այս պարգևը, որ օծենք մեր փխրուն իրականութիւնը բարի գործերով՝ վերացնելով ատելութիւնն ու վախերը:

«Տիրամօր Խուանիթոյին փոխանցած պատգամը. «Ես որ քու Մայրդ եմ այստեղ չե՞մ քու հետդ» խօսքերը նոր իմաստ կը ստանան», անիկա պարզ պատգամ մըն է, որ կը հաստատէ` որ Տիրամայրը մեր մայրն է ու հոս է մեր կողքին։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

12/12/2023, 19:00