Որոնել

2019.11.21 foto feste liturgiche dicembre

Մարիամը տօնախմբելը կը նշանակէ տօնախմբել Աստուծոյ քնքշութիւնն ու մօտիկութիւնը. Կուատալուփի Տիրամօր տօնը

Կուատալուփի Տիրամօր նուիրուած ծիսական առաջին տօնակատարութիւնը Վատիկանի մէջ տեղի ունեցաւ 12 դեկտեմբեր 2011-ին, Պենետիկտոս ԺԶ վաստակաւոր քահանայապետի գլխաւորութեամբ։
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

12 դեկտեմբերին կը յիշատակուի Լատինամերիկայի պաշտպան սրբուհի` Կուատալուփի Տիրամօր տօնը որուն առիթով Ֆրանչիսկոս Պապը, երեկոյեան ժամը 6ին, Սուրբ Պետրոս Պազիլիքային մէջ կը գլխաւորէ Տիրամօր տօնին նուիրուած հանդիսաւոր սուրբ պատարագը որուն իրենց մասնակցութիւնը կը բերեն Լատին Ամերիկայի երկիրներու հաւատացեալներ։

Պատմութեան մեծերէն Մեքսիքացի Հայր Խօսէ Մարիա Մորելոս Ի Փավոնը այսպէս կը գրէր.«Լատին Ամերիկան իր ուժերէն աւելի կը վստահի Աստուծոյ զօրութեան եւ Անոր ամենասուրբ Մօր բարեխօսութեան՝ որ Կուատալուփի հրաշագործ սրբանկարին միջոցաւ յայտնուեցաւ Թեփեյաքի լեռան վրայ մեր մխիթարութեան ու պաշտպանութեան համար, ու մեզ կը պահպանէ»։

Կուատալուփի Տիրամօր նուիրուած ծիսական առաջին տօնակատարութիւնը Վատիկանի մէջ տեղի ունեցաւ 12 դեկտեմբեր 2011-ին, Պենետիկտոս ԺԶ վաստակաւոր քահանայապետի գլխաւորութեամբ։

Կուատալուփի Տիրամօր այսօրուայ տօնին առիթով Ֆրանչիսկոս Պապը «ԻՔՍ» ընկերային ցանցին վրայ կատարեց հետեւեալ գրառումը.

«Մարիամը տօնախմբելը կը նշանակէ տօնախմբել Աստուծոյ մօտիկութիւնը եւ քնքշութիւնը, որ կը հանդիպի իր ժողովուրդին, որ մեզ երբեք միայնակ չի թողուր, որ մեզի պարգեւեց Մայր մը, որ հոգ կը տանի մեզի եւ մեզի կ՛ընկերանայ»։

Կուատալուփէի Տիրամօր Սրբավայրը

Կուտալուփէյի մէջ Սուրբ Կոյսին յայտնութիւնները տեղի ունեցած են 1531 թուականի դեկտեմբերի 9-էն`12-ը Մեքսիքայէն հիւսիս գտնուող Թեփեյաք լեռան վրայ և կապուած են քրիստոնէութիւնը ընդունած տեղաբնիկ Juan Diego Cuauhtlatoatzin հետ:

Տիրամայրը անոր յայտնուած է խառնածին երիտասարդի դիմագիծերով, որպէսզի ան տեղւոյն եպիսկոպոս Խուան դէ Ծումարակային (Juan de Zumárraga) ըսէ, որ իրեն համար մատուռ մը կառուցէ:

Այդ պատգամին ճշմարտացիութեան մէջ համոզուելու համար եպիսկոպոսը նշան կը խնդրէ:

1531 թուականի դեկտեմբերի 12-ին, ձմռան կէսուն, Թեփեյաք լեռան վրայ վարդեր կը բացուին և, երբ Խուան Տիեկոն թիկնոցի մէջ հաւաքած վարդերը եպիսկոպոսին առջև կը դնէ, անոնք հրաշքով կը կազմեն Սուրբ Կոյս Մարիամի պատկերը։

Եպիսկոպոսին կասկածները կը փարատին եւ ան կը կառուցէ Սուրբ Կոյսին նուիրուած մատուռը, ուր այսօր կը գտնուի Կուատալուփէի Տիրամօր Սրբավայրը:

Յովհաննէս Պօղոս Բ Պապը Խուան Տիեկոյին երանելի հռչակեց 1990թ. մայիսի 6-ին ապա զայն սրբադասեց 2002թ. յուլիսի 31-ին։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

12/12/2023, 13:30